Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵՄ-ն Խորապէս Մտահոգուած Է Վերջին Միջադէպերով. Պորէլ Արձագանգած Է Ատրպէյճանի Յարձակման Մասին ԵԽ Պատգամաւորներու Հարցումին

ԵՄ-ն Խորապէս Մտահոգուած Է Վերջին Միջադէպերով. Պորէլ Արձագանգած Է Ատրպէյճանի Յարձակման Մասին ԵԽ Պատգամաւորներու Հարցումին

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վատթարացման առիթով Յունիս 8-ին գրաւոր հարց ուղղած էին Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլին` ընդգծելով ատրպէյճանական յարձակման մասին: Անոնք  հետաքրքրուած էին, թէ ինչ մտադիր է ընել ԵՄ-ն` ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կանխելու համար: Պորէն ալ` Եւրոպական Յանձնաժողովին անունով Օգոստոս 3-ին հրապարակուած իր պատասխանին մէջ մտահոգութիւն յայտնած է վերջին միջադէպերով եւ հետագայ մագլցողութեան հնարաւորութեամբ:

Պորէլին գրաւոր հարց ուղարկած Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու շարքին են Ֆապիօ Մասիմօ Գասթալտօն, Իզապէլ Սանթոսը, Մարթին Զոննեպորնը, Լարս Փաթրիք Պըրկը, Միրիամ Լեքմանը, Էմմանուէլ Մաուրելը եւ խումբ մը այլ պատգամաւորներ:

ԵԽ պատգամաւորները ընդգծած են, որ մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն վրայ, իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղին մէջ երթալով կը վատթարանայ:

«Ատրպէյճանական զինուժը 2022 թուականի Մարտ 24-ին յարձակած է Փառուխ գիւղին վրայ, իսկ 2022 թուականի Մայիս 28-ին խախտած է հրադադարը` մահացու վիրաւորում հասցնելով հայ զինուորի: Այդ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կոպիտ ելոյթէն մէկ օր անց, որուն մէջ ան ուժի կիրառումը կը ներկայացնէր որպէս միջազգային իրաւունքի կիրառման մօտեցում, ինչպէս նաեւ կը պնդէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լիովին լուծուած է, յաւակնութիւններ կը ներկայացնէր Հայաստանի տարածքի նկատմամբ…», շեշտած են Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները:

Խորհրդարանի պատգամաւորները Պորէլէն հետաքրքրուած են. «Ելլելով վերոգրեալէն` Եւրոպական արտաքին գործերով ծառայութիւնը ի՞նչ յստակ քայլերու մտադիր է ձեռնարկել` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կանխելու եւ կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութիւնը շարունակելու համար»:

Պատգամաւորների հարցին ի պատասխան Պորէլի` Եւրոպական Յանձնաժողովին անունով ստացուած պատասխանին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.  «ԵՄ-ն խորապէս մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին միջադէպերով եւ հետագայ մագլցողութեան հնարաւորութեամբ: Յանձնաժողովը կը ցաւի մարդկային կորուստներուն համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment