Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ը Պէտք Չէ Մեղսակից Ըլլայ Թուրքիոյ Կողմէ Պատմութիւնը Մերժելուն. Ֆրանք Փալոն

ՄԱԿ-ը Պէտք Չէ Մեղսակից Ըլլայ Թուրքիոյ Կողմէ Պատմութիւնը Մերժելուն. Ֆրանք Փալոն

by MassisPost

ԱՄՆ գոնկրէսական Ֆրանք Փալոն սխալ որակած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան մասին իր գրառումը ջնջելը: Ֆրանք Փալոնը այս մասին գրառում կատարած է Թուիթերով:

«33 երկիրներ, այդ շարքին ԱՄՆ-ն, պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: ՄԱԿ-ը պէտք չէ մեղսակից ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ պատմութիւնը մերժելուն: Ապտուլլա Շահիտը սխալ եղած է` ջնջելով իր թուիթը, տեղի տալով Թուրքիոյ ճնշման», նշած է Ֆրանք Փալոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment