Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Փոխքարտուղարը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Կոչ Ըրած է Թուլցնելու Սահմանային Լարուածութիւնը

ԱՄՆ Պետական Փոխքարտուղարը Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Կոչ Ըրած է Թուլցնելու Սահմանային Լարուածութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը մանրամասնութիւններ հաղորդած է ԱՄՆ պետական փոխքարտուղար Քարըն Տոնֆրիտի եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներէն:

Ըստ դեսպանատան` անոնք քննարկած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ընձեռուած պատմական հնարաւորութիւնը: Պետական փոխքարտուղարը վերահաստատած է տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման աջակցելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկը: Ան կողմերուն կոչ ըրած է թուլցնելու սահմաններուն լարուածութիւնը եւ խրախուսած է երկխօսութիւնը շարունակելը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment