Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շփման Գիծը Հատել Փորձելու Ատրպէյճանական Կողմի Սադրանքները Կասեցուած Են

Շփման Գիծը Հատել Փորձելու Ատրպէյճանական Կողմի Սադրանքները Կասեցուած Են

by MassisPost

Արցախի սահմաներուն իրադրութիւնը թէեւ կը մնայ լարուած, բայց օրուայ առաջին կէսին տեղի ունեցած սադրանքներէն յետոյ մարտեր չկան, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Արցախի խորհրդարանի «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը:

Աւելի առաջ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու մէջ ատրպէյճանական կողմը առաւօտէն սադրանքներու դիմած է` շփման գիծը հատելու փորձերու ձեռնարկելով, որոնք կասեցուած են: Պաքուն հերքած է այդ լուրը:

Պատգամաւորը նաեւ վստահեցուց, որ հայկական կողմը Արցախի մէջ դիրքեր չէ կորսնցուցած. «Նման բան չկայ, ամբողջութեամբ մեր դիրքերը վերահսկւում են մեր կողմից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment