Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Չաւուշօղլուի Անգարան Կ’աջակցի Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Գործընթացներուն

Ըստ Չաւուշօղլուի Անգարան Կ’աջակցի Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Գործընթացներուն

by MassisPost

Ուզպեքստանի մէջ Օգոստոս 2-ին Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ուզպեքստանի արտաքին գործերու նախարարներուն եւ փոխադրութեան նախարարներուն հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա ու Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն:

«Կ’աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղուած բանակցութիւններուն», նշած է Չաւուշօղլուն, յաւելած  որէ Անգարան եւս քայլեր կը կատարէ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ:

«Յառաջ կը շարժինք յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու եւ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններու միջոցով: Նոր կապուղիները, որոնց գործարկումը օրակարգին վրայ է, Միջին Ասիան, Հարաւային Կովկասը, Անատոլիան եւ եւրոպական տարածաշրջանը պիտի կապեն միմեանց եւ պիտի նպաստեն ամբողջ տարածաշրջանի բարեկեցութեան», եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment