Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3 Միլիառ 107 Միլիոն` Չորս Մարզի Մէջ Պարեկային Ծառայութեան Ինքնաշարժներ Ձեռք Բերելու Համար

3 Միլիառ 107 Միլիոն` Չորս Մարզի Մէջ Պարեկային Ծառայութեան Ինքնաշարժներ Ձեռք Բերելու Համար

by MassisPost

Հայաստանի չորս մարզի մէջ Ոստիկանութեան պարեկային ծառայութիւններ ստեղծելու համար կառավարութիւնը 3 միլիառ 107 միլիոն դրամ յատկացուց` «Թոյոթա Երեւան» ընկերութենէն 175 ինքնաշարժ գնելու համար, գնման ընթացակարգը` մէկ անձէ է, առանց մրցոյթի:

«Կարեւոր համարեցի թափանցիկութեան սկզբունքների շրջանակում մենք զեկուցենք ու մանրամասն ներկայացնենք` ինչի մասին է խօսքը: Ընդ որում` Ոստիկանութեան Բարեփոխումների Խորհրդում էլ քննարկել ենք նաեւ այդ հարցը, թէ ինչու ենք մենք էս փարամեթրի մեքենայ ընտրում եւ ոչ թէ մէկ ուրիշ փարամեթրի մեքենայ ընտրում: Ընդհուպ քննարկել ենք, թէ ինչո՞ւ է մեր տեխնիկական առաջադրանքի մէջ գրած մեքենայի երկարութիւնը այսքան եւ ոչ թէ 5 սմ դրանից պակաս», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ոստիկանութիւնը ինքնաշարժները ձեռք կը բերէ գնում կատարելով մէկ անձէ, ոստիկանապետը կ’ըսէ` մրցոյթ յայտարարած էին Յունիսին, ոեւէ մէկը չէ դիմած, ապա իրենք հարցումներ ըրին հանրայայտ ինքնաշարժի ապրանքանիշներու հայաստանեան ներկայացուցիչներուն, պարզեցին, որ միայն «Թոյոթա»ն կրնայ մատակարարել անհրաժեշտ չափորոշիչներով ինքնաշարժներ, պարզ չէ, սակայն, թէ յայտարարուած մրցոյթին աւելի առաջ «Թոյոթա»ն ինչու չէր դիմած:

«Բանակցութիւնների արդիւնքում ձեռք բերուած փոխհամաձայնութեամբ նախատեսւում է մատակարարել «Թոյոթա» մակնիշի 45 միաւոր մեխանիկական փոխանցման տուփով, 15 միլիոն 900 հազար դրամով եւ 130 միաւոր աւտոմատ փոխանցման տուփով փոխադրական միջոց 18 միլիոն 400 հազար դրամ գնման գումարով», ներկայացուց ոստիկանապետը:

Ոստիկանութեան ինքնաշարժներ վաճառող «Թոյոթա Երեւան» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 2006 թուականէն, ըստ Պետական արձանագրութեան տուեալներուն, այն կը պատկանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի որդւոյն` Սեդրակ Քոչարեանին եւ ընդդիմադիր Քոչարեանի մտերիմ համարուող, այժմ հետախուզման մէջ գտնուող գործարար Սամուէլ Մայրապետեանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment