Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Տնօրէնը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան Տնօրէնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը:

Զրուցակիցները քննարկած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պարոն Նարիշքինի այցը եւս մէկ լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը:

Ընդգծելով, որ այս տարի կը նշուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանը, վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ համատեղ ջանքերով պիտի յաջողին փոխգործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ ու ամուր:

Սերկէյ Նարիշքին նշած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան փաստը, ինչ որ կը նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment