Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Զինուած Ուժերու Բարձրագոյն Սպայակազմին Ներկայացուցած Է ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի Նորանշանակ Պետ Էտուարտ Ասրեանը

Վարչապետ Փաշինեան Զինուած Ուժերու Բարձրագոյն Սպայակազմին Ներկայացուցած Է ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի Նորանշանակ Պետ Էտուարտ Ասրեանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ Զինուած Ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին ներկայացուցած է ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի նորանշանակ պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Էտուարտ Ասրեանը: Վարչապետը իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան յարգելի նախարար,

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերի հրամանատարական կազմի յարգելի ներկայացուցիչներ,

Յարգելի փոխնախարարներ,

Ես այսօր այստեղ եմ` ներկայացնելու ՀՀ Զինուած Ուժերի Գլխաւոր Շտաբի նորանշանակ պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Էտուարտ Ասրեանին:

Ուզում եմ նախ շնորհակալութիւն յայտնել զօրավար-լեյթենանթ Կամօ Քոչունցին` վերջին վեց ամիսների ընթացքում Գլխաւոր Շտաբի պետի պարտականութիւնները կատարելու համար: Ցանկանում եմ պարոն Ասրեանին յաջողութիւն մաղթել` այս կարեւորագոյն պաշտօնում իր առաքելութիւնն իրականացնելու ճանապարհին:

Արդէն գիտէք, որ նաեւ որոշակի օրէնսդրական փոփոխութիւններ են տեղի ունեցել, եւ Գլխաւոր Շտաբի պետն այսուհետ օրէնքի ուժի մէջ մտնելու պահից նաեւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ է լինելու` սրանից բխող հետեւանքներով: Այս որոշումը կայացրել ենք` վերլուծելով վերջին տարիներին տեղի ունեցած մի շարք իրադարձութիւններ, այդ թւում` Պաշտպանութեան Նախարարութիւն-Գլխաւոր Շտաբի աշխատանքային գործակցութեան հարցերը: Կարծում եմ, բնականաբար, ճիշդ որոշում է կայացուած: Ուզում եմ յոյս յայտնել, որ այդ որոշման կատարման արդիւնքում մեր աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը Զինուած Ուժերի, բանակի բարեփոխումների ոլորտում էլ աւելի արդիւնաւէտ կը լինի:

Պարոն Քոչունց, եւս մէկ անգամ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ կատարուած աշխատանքի համար եւ պարոն Ասրեան` յաջողութիւններ մաղթել Ձեզ այս կարեւորագոյն պաշտօնում»:

Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի նորանշանակ պետ Էտուարտ Ասրեան նշած է.

«Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, յարգելի պարոն նախարար, յարգելի գործընկերներ,

Զինուած Ուժերի գերակայ խնդիրն է հանդիսանում պետութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը, ուստի` ստանձնելով այս պատասխանատու պաշտօնը, նաեւ համարելով, որ Շտաբը հանդիսանում է կոլեգիալ մարմին, իսկ Գլխաւոր Շտաբի պետը պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, մենք Գլխաւոր Շտաբում կ’աշխատենք կոլեգիալ սկզբունքներով` միանշանակ Գլխաւոր Շտաբի պետի որոշմամբ եւ առաջարկներ կը ներկայացնենք պաշտպանութեան նախարարին: Այդ պատասխանատու պաշտօնում, մեծարգոյ պարոն վարչապետ, պարտաւորւում եմ կատարել բոլոր նախատեսուած գործառութային պարտականութիւնները եւ կատարել Զինուած Ուժերի առջեւ դրուած խնդիրները»:

Այնուհետեւ վարչապետը խօսքը փոխանցած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին, որ իր հերթին ըսած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ վարչապետ, պարոնայք զօրավարներ, սպաներ,

Թոյլ տուէք շնորհաւորել Գլխաւոր Շտաբի պետին` պարոն Ասրեանին`  Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերի Գլխաւոր Շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուելու կապակցութեամբ, մաղթել բեղուն գործունէութիւն: Շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել զօրավար-լեյթենանթ Կամօ Քոչունցին` վերջին շրջանում Գլխաւոր Շտաբի պետի պարտականութիւնները պատուով կատարելու համար»:

Այնուհետեւ, ըստ ձեւաւորուած ընթացակարգի, տեղի ունեցած է Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետի պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նորանշանակ Էտուարտ Ասրեանին յանձնած է Զինուած Ուժերու ռազմադրօշը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment