Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Էրտողանի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Էրտողանի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայեպ Էրտողանի հետ: Սա շուրջ 30 տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող ու փակ սահմաններով ապրող երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին հեռախօսազրոյցն է:

Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, շնորհաւորած են միմեանց Ատհայի եւ Վարդավառի տօներուն առթիւ:

2018-ին հաղորդուած էր Փաշինեան-էրտողան հեռախօսազրոյցի մասին, սակայն պաշտօնական Երեւանը զայն հերքած էր: Իսկ նախորդ Սեպտեմբերին Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետը իրեն հանդիպման առաջարկ կատարած է Վրաստանի վարչապետին միջոցով:

Փաշինեան եւ Էրտողան այսօր ունեցած հեռավար զրոյցին մէջ ակնկալիք յայտնած են, որ Յուլիս 1-ին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի կը կոչուին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները վերջին հանդիպման հետեւանքով հասած են պայմանաւորուածութեան երկու հարեւան երկիրներու սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռնափոխադրումներ իրականացնել` օդային ճանապարհով:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային սահմանը փակ է 1993 թուականէն:

Հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացը առարկայական փուլ մտաւ անցեալ տարեվերջին, երբ կողմերը բանակցութիւններ սկսելու համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment