Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Խորհուրդը Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Մանտաթներէ Զրկելու Որոշման Նախագիծ Դրած է Շրջանառութեան Մէջ

ԱԺ Խորհուրդը Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Մանտաթներէ Զրկելու Որոշման Նախագիծ Դրած է Շրջանառութեան Մէջ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի Խորհուրդը որոշման նախագիծ դրած է շրջանառութեան մէջ, որուն համաձայն` կը նախատեսեն դիմել Սահմանադրական Դատարան ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները մանտաթներէ զրկելու հարցով:

ԱԺ Խորհուրդի որոշման նախագիծին համաձայն` պատգամաւորներու ցանկին մէջ կը բացակային «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քոթայով­ խորհրդարան անցած Թագուհի Թովմասեանի ու Իշխան Զաքարեանի անունները:

Իշխան Զաքարեանը աւելի վաղ յայտարարած էր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն դուրս գալու մասին:

Ի դէպ, ցուցակին մէջ չկայ նաեւ Մարտուն Գրիգորեանի անունը, որ պատգամաւորական մանտաթ ստացած է Արթուր Վանեցեանի` հրաժարական տալէն յետոյ` Յունիս 30-ին: Գրիգորեան ընդգրկուած է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան կազմին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment