Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ստեղծուելիք Ներքին Գործերու Նախարարութեան Կազմին Մէջ Պիտի Միաւորուին 3 Կառոյցներ

Ստեղծուելիք Ներքին Գործերու Նախարարութեան Կազմին Մէջ Պիտի Միաւորուին 3 Կառոյցներ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ներքին Գործերու Նախարարութեան ստեղծմամբ պիտի միաւորուին 3 կառոյցներ` Ոստիկանութիւնը, Փրկարար Ծառայութիւնը եւ Գաղթականութեա Ծառայութիւնը: Այս մասին ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Արփինէ Սարգսեանը «Ներքին Գործերու Նախարարութեան ստեղծումը, քաղաքացիական վերահսկողութեան կարեւորութիւնը» թեմայով խորհրդարանական լսումներու ժամանակ:

«Ի սկզբանէ բարեփոխումները միտուած են եղել հէնց ոստիկանութեան վերանայմանը, սակայն այդ բարեփոխումների շղթայում ներառւում են նաեւ Գաղթականութեան Ծառայութիւնը եւ Արտակարգ Իրավիճակների Նախարարութիւնը: Պէտք է արտակարգ իրավիճակների` աղէտների, ճգնաժամային այլ իրավիճակների պարագայում ունենանք մէկ կէտից կառավարում, որը թոյլ կը տայ ունենալ միասնական քաղաքականութիւն: Հետեւապէս, կարծում ենք, որ աղէտների, ճգնաժամային եւ այլ իրավիճակներում մէկ կէտից կառավարումը եւ միմեանց փոխլրացնող արձագանգն, ըստ էութեան, թոյլ կը տայ ՆԳՆ-ին աւելի արդիւնաւէտ կերպով իրացնել իր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսաւ Սարգսեան:

Ան նկատեց, որ, օրինակ, Փրկարար Ծառայութիւնը եւ Ոստիկանութիւնը միմեանց միջոցները օգտագործելու միջոցով շատ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կրնան հասնիլ խնդիրի լուծման: Ըստ փոխնախարարին` նոր նախարարութեան շրջանակին մէջ այս երեք ուժերու մէկտեղումը թոյլ պիտի տայ հանգիստ օգտագործելու միմեանց միջոցները, ունենալու միասնական մօտեցում տարբեր հարցերուն:

«ՆԳՆ-ի տանիքի ներքոյ կ’ունենանք 3 խոշոր ծառայութիւններ` Ոստիկանութիւնը, Փրկարար Ծառայութիւնը եւ Գաղթականութեան Ծառայութիւնը», ըսաւ Սարգսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment