Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԳՄՄ-ն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Հատիս Լերան Տարածքին Որեւէ Գործունէութիւն` Մինչեւ Նախագիծի Ներկայացումը

ԿԳՄՄ-ն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Հատիս Լերան Տարածքին Որեւէ Գործունէութիւն` Մինչեւ Նախագիծի Ներկայացումը

by MassisPost

Մշակոյթի Նախարարութիւնը ընդունելի համարելով «Յիսուս Քրիստոս»ի արձանին գաղափարը, միեւնոյն ժամանակ կը պահանջէ դադրեցնել որեւէ գործունէութիւն հնավայր-ամրոցի տարածքին մէջ` մինչ սահմանուած կարգով նախագիծի ներկայացումը եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւնը:

Նշելով, որ թէեւ «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամէն ստացած են արձանի տեղադրման վերաբերող գրութիւնը եւ պատասխանած, որ «… քանդակ-համալիրի տեղադիրքը որոշելիս անհրաժեշտ է հաշուի առնել օրէնքը եւ բացառել պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների կամ դրանց պահպանական գօտիների տարածքներում այն տեղադրելուց», նախարարութիւնը կը շեշտէ` այդուամենայնիւ հիմնադրամէն նախագիծ չէ ներկայացուած:

Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մամրնակրթութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» պետական ոչ-առեւտրական կազմակերպութեան մարզային աշխատակիցները ահազանգած են, որ դէպի Հատիս լերան գագաթ կ’իրականացուին ճանապարհի ուղղման եւ լայնացման աշխատանքներ:

Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Հատիս լերան փէշերուն ընդհանուր առմամբ առկայ են պատմութեան եւ մշակոյթի` պետական ցուցակին մէջ արձխանագրուած շուրջ 20` տարբեր դարաշրջաններով թուագրուող յուշարձաններ, իսկ 2019-ին հայ-իտալական հնագիտական արշաւախումբի ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ Հատիս լերան գագաթին նախնական տուեալներով առկայ է պրոնզ-երկաթեդարեան հնավայր-ամրոց, իսկ համաձայն օրէնքի, այն կը ստանայ նորայայտ յուշարձանի կարգավիճակ եւ կը պահպանուի մինչեւ յուշարձաններու պետական ցուցակին մէջ ընդգրկուիլը`օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով:

«Գտածոները ոչնչացնող կամ իւրացնող անձը պատասխանատուութիւն է կրում Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով», ըսուած է նախարարութեան պարզաբանման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment