Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կը Զգուշացնէ Զերծ Մնալ Պետական Դաւաճանութեան Յանգեցնող Կամայ Թէ Ակամայ Գործողութիւններէ

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կը Զգուշացնէ Զերծ Մնալ Պետական Դաւաճանութեան Յանգեցնող Կամայ Թէ Ակամայ Գործողութիւններէ

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան մօտ ուսումնասիրուած են 2020 թուականի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուած պատերազմին աղէտալի հետեւանքներուն այս կամ այն չափով յանգեցնելուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջանին ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանունակութեան դէմ պետական դաւաճանութեան դէպքերով իրականացուող քննութեան ընթացիկ վիճակը:

Պետական դաւաճանութեան վերաբերեալ քննուած եւ քննուող քրէական գործերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ բոլոր պարագաներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիները յայտնուած են ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու ուշադրութեան կեդրոնին, նիւթական օգուտներու դիմաց ընդունած են յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու առաջարկը` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան ու արտաքին անվտանգութեան, յանցաւոր գործունէութիւն իրականացնելու, զինուած ուժերու, սպառազինութիւններու, զինուորական սարքերու տեղակայումներու, անոնց տեսակներուն մասին պետական գաղտնիք կազմող եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններ ձեռք բերելու կամ արդէն իսկ իրենց հասանելի դարձած տեղեկատուութիւնը փոխանցելու վերաբերեալ:

Որու հետեւանքով, պատերազմի ընթացքին հակառակորդը  կրցած է հայկական Զինուած Ուժերու կարողութիւններու ճշգրիտ հաշուարկներ կատարել, յստակացնել հայկական զինուած ուժերու առանձին ուժերու եւ միջոցներու քանակը, հնարաւորութիւն ստացած է յստակացնել զբաղեցուցած դիրքերը, առանձին զօրամասերու կողմէ իրականացուելիք խնդիրներու հնարաւոր ծաւալներն ու հաւանական բնոյթը, ինչպէս նաեւ նպատակային խոցումներով հարուածներ հասցնել հայկական զինուած ուժերու մարտական խնդիրներ լուծող զինուորական սարքերուն, մարդկային քանակակազմին եւ պատճառել զգալի կորուստներ:

Ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ օտարեկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու կողմէ գործադրուած է ՀՀ քաղաքացիներու հաւաքագրման հիմնականին մէջ երկու ձեւ: Նախնական շրջանին առաւելապէս կիրառուած է հիմնականին մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ, երրորդ երկրի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներու հաւաքագրման մեթոտը:

Աւելի ուշ օտարեկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները ՀՀ քաղաքացիները սկսած են հաւաքագրել համացանցային հաղորդակցային միջոցներու օգտագործմամբ: Մասնաւորապէս, օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները ընկերային տարբեր ցանցերու մէջ անհատական օգտահաշիւներ բացած են հայուհիներու անհատական տուեալներով եւ թիրախաւորած են նոյն ընկերային կայքերուն մէջ զինուորական համազգեստով կամ զինուորական ծառայութեան հետ կապը այլ կերպ հաստատող տեղեկութիւններ պարունակող օգտահաշիւներոպ անուանատէրերը:

Ապա վերջիններուս հետ կապ հաստատած են օգտահաշիւներուն համակցուած «մեսենճըր», «ուաթսափ» յաւելուածներու միջոցով եւ որոշակի ժամանակ անձնական բնոյթի շփումներէ յետոյ վերջիններուս տեղեկացուցած են իրենց` յատուկ ծառայութեան աշխատակից հանդիսանալու մասին եւ առաջարկած են վարձատրութեան դիմաց հաւաքագրել եւ իրենց փոխանցել ՀՀ զինուած ուժերու եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այլ կառոյցներու վերաբերեալ պետական, ծառայողական կամ կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այլ տեղեկութիւններ:

Որոշ պարագաներու զինուորները, տեղեկացուած չըլլալով իրենց համացանցային հաղորդակիցի կարգավիճակի նմասին, մտերմիկ բնոյթի հարցերու շուրջ ծաւալած զրոյցներու ճամբով վերջինը սիրաշահելու եւ իրենց շփումը շարունակական դարձնելու նպատակով, անոր փոխանցած են ծառայութեան բերմամբ իրենց յայտնի դարձած պետական, ծառայողական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ:

Հաւաքագրուած ՀՀ քաղաքացիներուն հետ շփումները համացանցային տիրոյթէն բացի երբեմն տեղափոխուած են իրական կեանք: Առկայ փաստական տուեալներու համաձայն, օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներու եւ հաւաքագրուած ՀՀ քաղաքացիներու միջեւ հանդիպումները կազմակերպուած են հիմնականին մէջ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ մէջ:

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը հարկ կը համարէ զգուշացնել` զերծ մնալ ինչպէս իրաւական, այնպէս ալ բարոյական տեսանկիւնէ բացարձակապէս անընդունելի նման արարքներէ, իսկ անծանօթ անձերու հետ հաղորդակցային կապի մէջ մտնելու պարագային անոնցմէ նմանատիպ տեղեկատուութիւն տրամադրելու վերաբերեալ առաջարկներ ստանալու պարագային անյապաղ այդ մասին տեղեկացնել իրաւապահ մարմիններուն:

Միաժամանակ զինուորները կը զգուշացնենք զերծ մնալ յատկապէս զօրամասերուն մէջ, առաւելեւս մարտական դիրքերուն մէջ տեղադիրքի որոշման հնարաւորութիւն տուող լուսանկարներ կատարելէ, զօրամասերուն կամ մարտական դիրքերուն մէջ զինուորական սարքերու կամ զինամթերքի համալրում ստանալու պարագային անոնց հետ լուսանկարուելէ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ տեղադրելէ, անոնց մասին գրառումներ կատարելէ: Բացի այն, որ անոնք հակառակորդին համապատասխան վերլուծութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն կու տան, նաեւ թոյլ կու տան թիրախաւորել յստակ անձեր, վերջիններուս հետ հաստատել շփում, հաւաքագրել զանոնք եւ ստանալ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տեղեկատուութիւն:

Յանցագործութիւններու կատարումը հաստատուելու պարագային անոնց հեղինակները համարժէք քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով Դատախազութիւնը պիտի դրսեւորէ առանձնայատուկ կոշտ եւ սկզբունքային մօտեցում:

Վերոնշեալ յանցագործութիւններուն նպաստող շարք մը պայմաններու եւ պատճառներու վերացման հարցով ՀՀ գլխաւոր դատախազը միջնորդագիր յղած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին:

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սկսած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին կատարուած պետական դաւաճանութեան դէպքերով ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ ներկայ պահին կը քննուի 10 քրէական գործ, որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է 43 անձ, որոնցմէ 10-ն կը գտնուի կալանքի տակ:

Նոյն ժամանակահատուածին վերաբերող պետական դաւաճանութեան դէպքերով յարուցուած 3 քրէական գործ 12 անձերու վերաբերեալ ուղարկուած է դատարան, որոնցմէ 11-ը կը գտնուի կալանքի տակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment