Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրիստոսի Արձանի Կառուցման Նախագիծը Կառավարութիւնը «Նախնական Դրական» Կը Գնահատէ

Քրիստոսի Արձանի Կառուցման Նախագիծը Կառավարութիւնը «Նախնական Դրական» Կը Գնահատէ

by MassisPost

Հատիս սարին վրայ Յիսուս Քրիստոսի արձանի կառուցման նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան նախնական գնահատականը դրական է, կառավարութեան նիստի ժամանակ ասաց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Գործադիրի ղեկավարը տեղեկացուց, որ համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն ներկայացուած են կառավարութիւն, կառավարութեան մարմինները պէտք է քննարկեն եւ որոշում կայացնեն` շարք մը վարչական որոշումներու անհրաժեշտութիւն կայ:

«Յոյսով եմ, որ մեր համապատասխան մարմինները պատշաճ ժամկէտներում հարցը կը քննարկեն, էնտեղ մի շարք վարչական որոշումների անհրաժեշտութիւն կայ, այդ որոշումները կը կայացնեն, եւ նախագիծը առաջ կ’ընթանայ` նախատեսուած ձեւով եւ տրամաբանութեամբ», ըսաւ վարչապետը` յոյս յայտնելով, որ այն պիտի մեծցնի զբօսաշրջային հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment