Հայազգի անուանի գիտնական, գործարար, բարերար Նուպար Աֆէեանին շնորհուեցաւ ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորի կոչում:
Հանդիսաւոր միջոցառումը տեղի ունեցաւ ԵՊՀ «ISTC» կեդրոնին մէջ, Յուլիս 7-ին:
Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեանը շեշտեց, որ Աֆէեանի կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը հայրենասիրութեան, պատասխանատուութեան, արհեստավարժութեան, փորձի նկատմամբ ունեցած մեծ նուիրումի, սիրոյ, ազնիւ ձգտումներու եւ մարդկային բարձր որակներու վառ օրինակ է:
«Վերջին շրջանում մենք ականատես ենք լինում մեծ տեղաշարժերի գիտութեան բնագաւառում, եւ այս առումով բաւականին մեծ էին նախորդ տարի կառավարութեան ջանքերը, ինչի շնորհիւ 83 տոկոսով աւելացուեց գիտութեան ֆինանսաւորումը: Կարծում ենք, որ այս քայլը դրական կ’անդրադառնայ երիտասարդներին գիտութեան մէջ ներգրաւելու գործի վրայ: Պարոն Աֆէեանի ջանքերն, ուղղուած երիտասարդներին գիտութեան մէջ պահելուն, անգնահատելի եւ ողջունելի են: Մեծ ուրախութեամբ պատրաստ ենք տարբեր հարցերում համագործակցութեան` ի շահ ԵՊՀ-ի, ի շահ ուսանողութեան, ի շահ փրոֆեսորա-դասախօսական կազմի», նշեց Յովհաննիսեան:
Նուպար Աֆէեան ընդգծեց, որ ուրախ եւ հպարտ է Երեւանի ամենահզօր համալսարանի` ԵՊՀ-ի պատուաւոր դոկտորի կոչման արժանանալու համար:
«Ինծի համար պարտաւորեցնող է այս կոչումը: Հայաստանի մէջ կապերս քիչ են, ուրախ եմ, որ ներկայ եղայ եւ լիայոյս եմ` ապագային կրնանք կապեր ստեղծել համալսարանին հետ», ըսաւ Նուպար Աֆէեանը:
Միջոցառման ընթացքին Աֆէեան հանդէս եկաւ ելոյթով, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցաւ անոր հետ հարցուպատասխան: