Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Վլատիմիր Փութինի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Վլատիմիր Փութինի Հետ

by MassisPost

Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց ունեցած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի ծառայութիւնը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փաշինեանն ու Փութինը անդրադարձած են հայ-ռուսական երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին:

ՀՀ կառավարութեան փոխանցմամբ` երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացի ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն շուրջ:

Քրեմլինի փոխանցմամբ` վարչապետ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինին տեղեկացուցած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած վերջին շփումներուն մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment