Կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին առաջադրեց յայտնի փաստաբան, Մարտ 1-ի գործով տուժողի ներկայացուցիչ Սեդա Սաֆարեանի թեկնածութիւնը:
Սաֆարեան շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան ու հաւատքի համար:
«Կարծում եմ, որ իմ անմիջական մասնակցութիւնը սահմանադրական արդարադատութեան իրականացմանը կը ստացուի, եւ դուք չէք զղջար` ինձ այդ բարձր պաշտօնին առաջադրելու համար», ըսաւ Սաֆարեան:
Նշելով, որ որոշումը քաղաքական էր` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ տրամաբանական համարեց:
Ազգային ժողովը փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ պիտի ընտրէ ՍԴ դատաւորը:
Դեկտեմբերին կ’աւարտի Սահմանադրական դատարանի երկու դատաւորներու` Աշոտ Խաչատրեանի եւ Արեւիկ Պետրոսեանի պաշտօնավարման ժամկէտը:
Սահմանադրական դատարանի դատաւոր առաջադրուելու ցանկութիւն յայտնած է նաեւ արդարադատութեան նախկին նախարար Արտակ Զէյնալեանը:

