Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը 120 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ Հայաստանի Մէջ

ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը 120 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ զարգացման ուղղուած համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագրի ստորագրման առաջարկութեան հաւանութիւն տալու մասին նախագիծը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ զարգացման ուղղուած համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական կայունութեան  ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումներու գործընթացին:

«ԱՄՆ ՄԶԳ-ի ընդհանուր նախատեսուած ներդրումը նպատակներին հասնելու համար կազմում է 120.000.000 տոլար, որը կը յատկացուի մասնաբաժիններով: ԱՄՆ ՄԶԳ-ն նախատեսում է բաշխել իր ընդհանուր ներդրումը հետեւեալ կերպ. 68.565.000 տոլար` ժողովրդավարութեան խթանման, 51.435.000 տոլար` տնտեսական անվտանգութեան բարելաւման համար», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ժողովրդավարութեան խթանման նպատակով ԱՄՆ ՄԶԳ-ն աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան փտածութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան, պետական կառավարման համակարգի բարեփոխումներուն մէջ: Փաստաթուղթով նախատեսուած գործողութիւնները միտուած են ըլլալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, քաղաքական հաշուետուողականութեան հիմնարկներու հզօրացման, ընտրական ու քաղաքական գործընթացներուն մէջ բարեվարքութեան պահպանմա, երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակներուն մէջ արագ արձագանգելու կարողութիւններու ամրապնդման:

Տնտեսական անվտանգութեան բարելաւման նպատակով ԱՄՆ ՄԶԳ-ն պիտի աջակցի պետական հատուածին` ստեղծելու արդիւնաւէտ եւ գործող համակարգեր, պիտի աջակցի ներառական եւ տնտեսական ռազմավարութիւններու իրականացման, պիտի օժանդակէ արդիւնաւէտ ներդրումներու համար դրամագլխային միջոցներու բացայայտման:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ սա շատ կարեւոր համաձայնագիր է, կը սպասուի 120 միլիոն տոլարի ներդրում ժողովրդավարութեան, փտածութեան դէմ պայքարի եւ տնտեսական անվտանգութեան, հաստատութենական զարգացման ոլորտներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment