Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Բանակցութիւններու Արդիւնքէն Կախուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Յարատեւ Խաղաղութիւնը․ Զուրապիշվիլի

Հայ-Ատրպէյճանական Բանակցութիւններու Արդիւնքէն Կախուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Յարատեւ Խաղաղութիւնը․ Զուրապիշվիլի

by MassisPost

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին յոյս յայտնած է, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները յաջողութեամբ կը շարունակուին: Այս մասին ան ըսած է նախօրէին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին:

«Մեր տարածաշրջանի ապագան սերտօրէն կապուած է խաղաղութեան միջավայրի հետ: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները յաջողութեամբ կը շարունակուին: Կ’ողջունենք Եւրոմիութեան ներգրաւուածութիւնը այդ գործընթացին մէջ: Գիտենք, որ այդ բանակուցութիւններու արդիւնքէն կախուած է տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը, իսկ խաղաղութեան հաստատումէն կախուած է տնտեսական զարգացումը», յայտնած է Վրաստանի նախագահը:

Զուրապիշվիլին նաեւ նշած է, որ Վրաստանի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու խաղաղ համակեցութիւնը դրական օրինակ է ամբողջ Կովկասի համար:

Վահագն Խաչատուրեան ըսած է, որ Հայաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ հարեւան Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման:

«Այսօր ես եւ տիկին նախագահ Զուրապիշվիլին ունեցել ենք բաւական յագեցած քննարկումներ, որոնք ներառում են երկկողմ համագործակցութեան ամենատարբեր ոլորտներ` փոխադրութիւն, կապ, հաղորդակցութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, մարդասիրական հարցեր եւ այլն: Մասնաւորապէս քննարկել ենք ենթակառուցուածքային ծրագրերի վերաբերեալ հարցերը, որոնք միտուած են ապահովելու ճանապարհային եւ հաղորդակցութեան միջազգային նախագծերում անհրաժեշտ ներգրաւուածութիւնը, ինչպիսին են` Պարսից ծով-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքները: Վերահաստատել ենք մեր յանձնառութիւնը` պահպանելու առկայ բազմաբովանդակ յարաբերութիւնների բարձր մակարդակը եւ առաւել հարստացնելու համագործակցութեան օրակարգը», ըսած է Խաչատուրեանը:

«Զրուցել ենք բարձր արհեստագիտութիւնների ոլորտում համագործակցութիւնը խորացնելու մասին, ինչը շատ կարեւոր է մեր երկրների համար եւ թոյլ կը տայ տարածաշրջանում հասնել յաջողութիւնների: Նաեւ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւրն իր սեփական փորձառութիւնը կիսի հարեւան երկրի հետ: Կարծում եմ` մեր ընտրած տարբեր ուղիները մեզ հնարաւորութիւն կը տան խորացնել մեր յարաբերութիւնները», յայտնած է Վահագն Խաչատուրեանը:

«Տիկին Զուրապիշվիլիի հետ հանդիպման ընթացքում երկկողմ օրակարգից զատ անդրադարձել ենք նաեւ անվտանգային, քաղաքական եւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերի: Ցանկանում եմ ընդգծել, որ նման հարցերում առկայ փոխըմբռնումը պայմանաւորուած է հայ-վրացական անխախտ բարեկամութեան գիտակցմամբ», ըսած է ՀՀ նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահը Մայիս 30-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Վրաստան: Հայաստանի նախագահի պաշտօնին սա Վահագն Խաչատուրեանի առաջին պաշտօնական այցն է: Նախօրօք յայտարարուած է, որ նախատեսուած են անոր հանդիպումները Վրաստանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի խօսնակին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment