Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ի՞Նչ Գործ Ունի Բողոքի Շարժումներուն Անչափահասը. Փոխոստիկանապետ

Ի՞Նչ Գործ Ունի Բողոքի Շարժումներուն Անչափահասը. Փոխոստիկանապետ

by MassisPost

ՀՀ փոխոստիկանապետ Վարդան Մովսիսեանը,  Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն տրուած պարգեւավճարներուն, նշեց, որ այդ օրէնքին համապատասխան գործողութիւն է:

«Պարգեւավճարի հետ միասին ոստիկանի միջին աշխատավարձը կազմում է 215 հազար դրամ: Դա աշխատանքային գործընթաց է, տարուայ մէջ կարող են լինել պարգեւատրումներ: Ոստիկանները պարգեւատրուել են Մայիսին, մօտ 2,5 միլիառ դրամի չափով, պարգեւատրուել են ՀՀ ոստիկանութեան բոլոր աշխատակիցները», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, որ մարզերէն այս օրերուն ոստիկաններ կը բերուին մայրաքաղաք, փոխոստիկանապետը ըսաւ, որ այդ կը կատարուի հասարակական կարգը պահելու համար, քանի որ Երեւանի մէջ ցոյցեր կ’ընթանան:

Դիտարկմանը, թէ ոստիկանները անհամաչափ ուժ կը կիրառեն, նոյնիսկ անչափահասներու նկատմամբ, Մովսիսեան նշեց, որ այդ իրենք (ընդդիմադիրները) կ’ըսեն, թէ բիրտ ուժ է. «Ոստիկանները մարդկանցը բերման են ենթարկում: Իսկ անչափահասների մասով մի հարց տամ. ի՞նչ գործ ունի այնտեղ անչափահասը: Անչափահասին, ում տեղափոխել էին հիւանդանոց, ոչ մի լուրջ բան չի եղել, ես անձամբ եմ հետաքրքրուել, հիւանդանոցում առաջին օգնութիւն է ցուցաբերուել: 6 ոստիկան է տեղափոխուել հիւանդանոց եւ 5 քաղաքացի: Ոստիկաններից մէկի մօտ կայ կողերի կոտրուածք»:

Յիշեցնենք, որ Երկուշաբթի կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքը գրոհելու փորձի արդիւնքով ձերբակալուած է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի որդին` Տիգրան Խաչատրեանը:

Ոստիկանութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն` Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի տարածքէն բերման ենթարկուած էր 111 քաղաքացի` խուլիկանութեան կասկածանքով: Քննչական Կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածեց` յայտնելով, որ Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին մօտ տեղի ունեցած գործողութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործ յարուցուած է` զանգուածային անկարգութիւններու յատկանիշներով, որու շրջանակներուն մէջ ձերբակալուած է 8 անձ` զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցելու կասկածանքով: Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր` Ալեքսանտր Սարգսեանի որդին` Հայկ Սարգսեանը: Անոր  մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի առաջին մասով (խուլիկանութիւն):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment