Լիթուանիան կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերելուն: Այս մասին յայտնեց Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետան Երեւանի մէջ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ հանդիպումէն յետոյ լրատուամիջոցներուն համար համատեղ յայտարարութեան ժամանակ:
Սա Լիթուանիոյ նախագահին առաջին այցելութիւնն է Հայաստան: Ան նշեց, որ տպաւորուած է հիւրընկալութեամբ: Նաուսետան յիշեցուց, որ 1991 թուականին Լիթուանիան առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը:
«Այդ ժամանակէն առ այսօր մենք օժանդակած ենք ձեր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու ձեր անցումին: Լիթուանիան կ’օժանդակէ Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրերուն: Լիթուանիան կ’օժանդակէ Հայաստանի համարկրման եւրոպական ընտանիքին», ըսաւ Նաուսետան` յաւելելով, որ իրենք ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ լայն շրջանակ կը ներկայացնեն:
Լիթուանիոյ նախագահը ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը յատկապէս արդարադատութեան համակարգին մէջ: «Մենք կը փափաքինք, որ դուք շարունակէք ժողովրդավարութեան այս ճանապարհը, որ պիտի յանգեցնէ ձեր ընկերատնտեսական զարգացման», ըսաւ ան:
Նաուսետան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու հարցին: «Լիթուանիան կ’օժանդակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերելուն», ըսաւ Լիթուանիոյ նախագահը` ընդգծելով, որ Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերը նոյնպէս ուղղուած են անոր:
Ան նշեց, որ հնարաւորութիւն ունեցած է ծաղիկներ դնելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին: «Սա բան մըն է, որ երբեւիցէ որեւէ ձեւով այս երկրագունդին վրայ պէտք չէ կրկնուի», նշեց Նաուսետան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ իրավիճակին: Ան ընդգծեց, որ ազատութիւնը ամբողջ ժողովրդավարական աշխարհին համար չափազանց կարեւոր է` յաւելելով, որ ամէն ձեւով պէտք է օժանդակել ուքրանացիներուն:
Լիթուանիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ իր այցելութիւնը պիտի օժանդակէ Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ, երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման: Ան այս առումով մեծ ներուժ կը տեսնէ: Նաուսետան կը հաւատայ, որ երկկողմ յարաբերութիւններու տարբեր` առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ կարելի է երկու կողմէն ալ օգուտ ստանալ: