Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Առաջարկած Է Յատուկ Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը Երեւանի Մէջ Կազմակերպել, Երեւանը Չէ Համաձայնած

Թուրքիան Առաջարկած Է Յատուկ Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը Երեւանի Մէջ Կազմակերպել, Երեւանը Չէ Համաձայնած

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական «NTV» լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ այլ հարցերուն:

Լրագրողին այն հարցին, թէ արդեօք յառաջիկային պէ՞տք է սպասել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յստակ քայլերու, Չաւուշօղլուն ըսած է.

«Յստակ քայլեր պիտի ըլլան, վստահութիւնը բարձրացնող քայլեր ալ կ’իրականացուին»:

Չաւուշօղլուն կարեւորած է  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումէն յետոյ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ «կայունութիւն հաստատելուն», ան շեշտած է, որ երկիրները պէտք է կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները միմեանց հետ: Ան միաժամանակ շեշտած է, որ այս ամէնը իրականացնելը հեշտ չէ եւ «մէկ օրուան մէջ չեն իրականացուիր»:

Խօսելով Թուրքիոյ ու Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ նոր հանդիպման մասին, Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ երրորդ հանդիպումը  դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ կը գիտակցի, որ Հայաստանը ճնշման տակ է, քանի որ սա ամենեւին հեշտ գործընթաց չէ:  Նաեւ կը հասկնան, որ հայկական սփիւռքին մէկ մասը,  յատկապէս ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի համայնքները, չեն աջակցիր այս գործընթացին, ապա շարունակած է.

«Բայց հիմա արդեօ՞ք երրորդ երկրի մէջ հանդիպելու կարիք կայ»:

Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ իր խօսքերը պէտք չէ ընկալել որպէս մեղադրանք: Անոր խօսքով հայկական կողմը պէտք է քիչ մը համարձակ ըլլայ, քանի որ, եթէ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում չեն կրնար կայացնել, ապա միւս հարցերուն մէջ ինչպէ՞ս պէտք է քայլեր ընեն:

Ան նաեւ յայտնած է, որ իրենք նոյնիսկ առաջարկած են սկիզբը Երեւանի մէջ հանդիպիլ, բայց հայկական կողմը չէ համաձայնած` պնդելով երրորդ երկրին մէջ հանդիպիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment