Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պրիւքսէլի Մէջ Աւարտած Է Եռակողմ Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Աւարտած Է Եռակողմ Հանդիպումը

by MassisPost

Պրիւքսէլ մէջ  աւարտած է   Հայաստանի   վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Նիկոլ Փաշինեանը անդրադարձած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ մարդասիրական խնդիրներուն:

Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբերի 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին ձեռք ձգուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման արդիւնքներով կողմերը պայմանաւորուած են` 2021թ. նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ` մինչեւ Ապրիլի վերջը ստեղծել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու ապառազմականացման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով, որ  օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը Արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ երկու երկրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment