Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակցութիւններու Սեղանին Սուր Հարցեր Պիտի Դրուին․ Աղաճանեան

Բանակցութիւններու Սեղանին Սուր Հարցեր Պիտի Դրուին․ Աղաճանեան

by MassisPost

Բանակցութիւններու սեղանին սուր հարցեր պիտի դրուին ու քննարկուին, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման ընդառաջ կը յայտնէ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի ղեկավարը:

«Ի հարկէ այն ֆօնը, որը որ նախորդում է այս հանդիպմանը, լաւագոյնը չէ, մեղմ ասած, եւ, բնականաբար, այդ հանդիպման ընթացքում պէտք է շատ ցաւոտ եւ սուր հարցեր դրուեն սեղանին, եւ կողմերը փորձեն այդ սուր կէտերը հարթել եւ փորձել առաջ շարժուել, որը, մեղմ ասած, հեշտ չի լինելու, բայց սա է ակնկալիքը», ըսաւ Էտուարտ Աղաճանեանը:

Չնայած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան` պաշտօնական Երեւանը յոյս ունի, որ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ հանդիպման կողմերը պիտի փորձեն հասնիլ խաղաղութեան շուրջ օրակարգի ձեւաւորման:

«Որեւէ պարագայում չենք պատրաստւում հրաժարուել դիւանագիտական ճանապարհով այս հարցի հանգուցալուծումից եւ պատրաստ ենք մշտապէս փորձելու գտնել այդ ընդհանրական կէտերը եւ դրանց վրայ փորձել նաեւ կառուցել այն մթնոլորտը, կամ այն օրակարգը, որի շուրջ որ հնարաւոր կը լինի սկսել իրական եւ բովանդակային բանակցութիւններ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հասնելու նպատակով», ըսաւ Աղաճանեան:

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վերջին շաբաթներուն Արցախի մէջ խիստ լարուած մթնոլորտի լոյսին տակ․ ատրպէյճանական կողմը, խախտելով պայմանաւորուածութիւնները, ներխուժած էր խաղաղապահներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, որուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի երեք զոհ: Բացի անկէ, Պաքուն մինչեւ օրս չէ արձագանգած խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկելու եւ այս հարցով Մինսքի խմբակին դիմելու` Հայաստանի առաջարկին:

Աւելի վաղ Երեւանը Պաքուի` միամեանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու եւ միւս առաջարկները համարած էր ընդունելի, նշելով սակայն որ անոնք ամբողջական չեն եւ պէտք է լրացուին:

«Հայկական կողմը ունի շատ յստակ ակնկալիքներ նման հանդիպումներից եւ իր կողմից կախուած առաւելագոյնն անում է, որ այդ նպատակները առաւել արդարանան», ըսաւ Աղաճանեան:

Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը մինչ օրս չէ արձագանգած Հայաստանի պատասխանին Ատրպէյճանի` խաղաղութեան նախապայման յիշեցնող հինգ կէտերուն վերաբերեալ: Աղաճանեանի կարծիքով, Պաքուի կողմէ Հայաստանի պատասխանը չնկատելու մօտեցումն ու Փառուխի մէջ տեղի ունեցածը կը խօսին այն մասին, որ Ատրպէյճանի մէջ իրականութեան մէջ չեն փափաքիր նպաստել խաղաղութեան օրակարգին: Աւելին` Պաքուն, օգտուելով ռուս-ուքրանական պատերազմէն, կը փափաքի ա՛լ աւելի լարել իրավիճակը` ի վերջոյ հասնելով վերջնական նպատակին, որ Արցախի հայաթափումն է. «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է լաւագոյնս պատկերացում կազմի կողմերի իրական նպատակների եւ պատկերացումների մասին, եւ այստեղ շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան հասցէական գնահատականը ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ: Եւ կարծում եմ, որ շատ կարեւոր էր, որ Մինսքի [խմբակի] համանախագահ երեք պետութիւնները շատ ուղիղ եւ հասցէական գնահատական են հնչեցրել ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ, մասնաւորապէս` ինչ վերաբերում է ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից շփման գծի հատման դրուագին»:

Հայկական կողմին հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարում մտցնելուն ուղղուած յաջորդ քայլը Պաքուէն հնչող պնդումներն են, թէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան համաձայն, Արցախէն հայկական ուժերը պէտք է դուրս գան, կը նկատէ Աղաճանեանը. «Ուղիղ հակառակը: Կայ պայմանաւորուածութիւն, որ զինուած ուժերը մնում են այն տեղերում, որտեղ որ կանգնած են այդ պահին, եւ ըստ էութեան, այս նոր պահանջը ի յայտ է եկել ռուս-ուքրանական յարաբերութիւնների լարման ծիրին մէջ, ոչ պատերազմի ընթացքում` նոյնիսկ դրանից առաջ, երբ առաջին անգամ հրապարակաւ Ալիեւը խօսեց դրա մասին Ռուսաստանի նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ»:

Նշուած բոլորը խնդիրները հաշուի առնելով, Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին ղեկավարը կը համարէ, որ հանդիպման սուր անկիւնները բազմաթիւ պիտի ըլլան:

Մինչ այդ, քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով` պրիւքսէլեան հանդիպումը կրնայ վճռորոշ ըլլալ խաղաղութեան բանակցութիւններու մեկնարկի տեսանկիւնէն:

Ըստ Արմէն Պաղտասարեանի, Ատրպէյճանը յառաջ քաշած է նախապայմաններ, որոնք Հայաստանը կը փափաքի լրացնել: Պիտի ընդունի՞ Պաքուն այդ լրացումները, թէ՞ պիտի յայտարարէ, որ Հայաստանը իրականութեան մէջ կը մերժէ իր առաջարկը. «Ես կարծում եմ, օրինակ, որ պրիւքսէլեան հանդիպումը հէնց այդ առումով է վճռորոշ լինելու: Որովհետեւ, կարծում եմ, որ հիմնականում հէնց դա է քննարկուելու, եւ այնտեղ Ալիեւը պէտք է ինքը իր համար յստակացնի` այդ հինգ կէտերի շո՞ւրջ են բանակցութիւնները, թէ՞ Հայաստանը պնդում է, որ լրացուցիչ կէտեր էլ պէտք է լինեն»:

Եթէ խաղաղութեան օրակարգի կէտերուն շուրջ, լրացուած, թէ ոչ, Պաքուն ու Երեւանը չգան համաձայնութեան, քաղաքական մեկնաբանին կարծիքով, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի սահմաններուն իրավիճակը կրնայ կտրուկ լարուիլ. «Չէ՞ որ Ատրպէյճանն ասում է, որ Արցախ գոյութիւն չունի, Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, եւ կարգավիճակ նոյնպէս գոյութիւն չունի: Այսինքն` իրենք չեն ասում չքննարկենք, կամ թողնենք հետագային: Իրենք ասում են` այդ հարցը չկայ, քննարկելու բան չկայ, եթէ համաձայն էք միւս կէտերի շուրջ, քննարկենք, եթէ չէ, ուրեմն չէ: Այդ դէպքում հասկանալի է, թէ ինչ է տեղի ունենալու»:

Իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը իրենց համար սկզբունքային է այս բանակցութիւններուն մէջ, պիտի արտայայտուի յստակ գործողութիւններով, ոչ թէ խօսքերով, կ’եզրափակէ քաղաքական մեկնաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment