Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Յայտարարութիւնը

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ժամանակէ մը իվեր փոքրաթիւ խումբ մը բողոքի ցոյցեր կը կը կատարեն Կլէնտէլի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին առջեւ: Այս կապակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` կոչ ընելով զերծ մնալու նման երեւոյթներէ:

«Մեր պատմութեան այս ծանր ժամանակներուն բոլորիս պարտքն է աչալուրջ եւ նախանձախնդիր կեցուածք դրսեւորել արտաշխարհի մեր դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու հանդէպ, որոնք հայրենիքի ներկայութիւնը կը հաղորդեն մեզ այս ափերուն:

«Մեր զաւակները մեզ կը նային եւ արդար պատգամ կը սպասեն մեզմէ: Հայրենիքը խորհրդանշող մեր դեսպանատուներն ու հիւպատոսութիւնները կը ներկայացնեն մեզ յաչս օտար պետութեանց, եւ պարտ ենք մեր անվերապահ սէրն ու նուիրումը ցուցաբերել մեր ինքնութեան խորհրդանիշը ներկայացնող դեսպանութեանց եւ հիւպատոսութեանց նկատմամբ, որոնք դիւանագիտական հաստատութիւններ են: Որպէս ազգի եւ եկեղեցւոյ զաւակներ` վստահաբար կ’ունենանք մեր տարակարծութիւնները ժամանակներու մէջ գործող իշխանութեանց հետ, բայց պետութիւն եւ իշխանութիւն իրարու հետ չշփոթենք, եւ ի մասնաւորի այս ափերուն յաչս օտար պետութեանց մնանք միասնակամ եւ խոնարհ` հանդէպ մեզ եւ մեր պետութիւնը ներկայացնող հաստատութեանց:

«Այն տան վրայ, որ հայրենի դրօշը կը ծածանի, այդ նոյն դրօշի առաջ կարելի է միայն խոնարհիլ եւ նորոգել մեր հայրենանուէր ուխտը ծառայութեան: Չմոռնանք, որ մեր քաջարի երիտասարդները իրենց կեանքը անմահացուցին մեր սրբազան հայրենիքի եւ ազատատենչ Արցախի պաշտպանութեանը ի խնդիր:

«Մնանք հաստատ մեր ուխտի մէջ: Մնանք աղօթքի մէջ, եւ ամենէն կարեւորը` միմեանց սիրենք յանուն հայրենիքի անսասանութեան, որն այս փորձութեանց ժամանակներուն արիւնաքամ վիճակի մէջ է:Խոնարհինք մեր սրբազան հայրենիքի առաջ, քանզի այն պարգեւեն է Աստուծոյ», ըսուած է Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յայտարարութեան մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment