Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անթալիոյ Մէջ Նախատեսուած Է Միրզոյեանի Հանդիպումը Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար Չաւուշօղլուի Հետ

Անթալիոյ Մէջ Նախատեսուած Է Միրզոյեանի Հանդիպումը Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար Չաւուշօղլուի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Թուրքիոյ մէջ է, ուր կը մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին:

Արարատ Միրզոյեանը վաղը պիտի հանդիպի թուրք գործընկեր Մեվլութ Չաւուշօղլուի հետ:

Միրզոյեանի Թուրքիա մեկնիլը եւ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումը կարեւոր է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ, կարծիք կը յայտնէ քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը. «Հայաստանը ներկայացած է արտաքին գործերու նախարարի մակարդակով, ոչ թէ յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի: Այդ աւելի բարձր կարգավիճակ է»:

Կիրակոսեանը այս օրերուն եւս Թուրքիոյ մէջ է եւ կը մասնակցի նոյն համաժողովին, անոր ելոյթը նախատեսուած է վաղը, թեման դիւանգիտութեան կարեւորութիւնն է` խուսափելու զինուած ուժերու բախումներէն:

Թէեւ աւելի քան 10 տարուայ դադարէ յետոյ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի այցը Թուրքիա հայ-թրքական երկխօսութեան շրջանակին մէջ է, այնուամենայնիւ չի սահմանափակուիր այդ թեմայով. «Արտաքին գործերու նախարար Միրզոյեանը դիւանագիտական համաժողովին զուգահեռ ունեցած է նաեւ քանի մը այլ հանդիպումներ, այդ շարքին Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Ի տարբերութիւն Մոսկուայի եւ Վիեննայի հանդիպումներուն, Անթալիոյ հանդիպումները միայն հայ-թրքական հաշտեցման մասին չեն: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը ի ցոյց պիտի դնէ աշխարհին, որ որպէս ժողովրդավարական երկիր Հայաստանը շատ աւելի վստահելի գործընկեր է, քան Ատրպէյճանը»:

Երէկ Միրզոյեան-Լաւրով հանդիպումէն յետոյ յայտարարութիւններ տարածեցին պաշտօնական Երեւանն ու Մոսկուան, երկուքն ալ նշեցին, որ անդրադարձ եղած է  նաեւ ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ այլ միջազգային հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան սերտացման հարցերուն:

Ռիչըրտ Կիրակոսեանի կարծիքով, ակնյայտ է, որ Ռուսաստանը կ’ակնկալէ, որ միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ շարքին ՄԱԿ-ի մէջ, Հայաստանը պէտք է սատարէ Ռուսաստանի մօտեցման՝ ուքրանական պատերազմին հարցով, որմէ Հայաստանը մինչ օրս խուսափած է. «Հայաստանի արձագանգը նրբանկատ յիշեցում է Ռուսաստանին, որ կը շարունակուի Ատրպէյճանի յարձակումը, կը խափանուի կազի մատակարարումը, տեղի կ’ունենան սահմանային ներխուժումներ եւ փոխհրաձգութիւններ: Իսկ Հայաստան կ’ակնկալէ, որ Ռուսաստանը աւելի յստակ եւ ուղղակիօրէն գործէ` վերացնելու ատպէյճանական սպառնալիքները»:

Վաղը կ’ակնկալուի Միրզոյեան-Չաւուշօղլու հանդիպումը: Այնուամենայնիւ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ յստակ արդիւնքներու մասին յայտարարութիւններ առայժմ չկան: Անցեալ ամիս, Վիեննայի մէջ, բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի երկրորդ հանդիպումէն յետոյ անոնց յաջորդ հանդիպման վայրի կամ ժամկէտի մասին տեղեկութիւն չկայ, թէ երբ եւ ուր պիտի շարունակեն բանակցութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment