Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Ռուս Մասնագէտներու Ներհոսքէն Մէկ Տոկոսը Պահպանուի, Հայաստանը Կ’ունենայ Աւելի Քան 10 Տոկոս Տնտեսական Աճ․ Թաթուլ Մանասերեան

Եթէ Ռուս Մասնագէտներու Ներհոսքէն Մէկ Տոկոսը Պահպանուի, Հայաստանը Կ’ունենայ Աւելի Քան 10 Տոկոս Տնտեսական Աճ․ Թաթուլ Մանասերեան

by MassisPost

«Եթէ ռուսների ներհոսքից մէկ տոկոսը պահպանուի, վստահ եղէք, Հայաստանը կ’ունենայ 10 տոկոսից աւելի տնտեսական աճ», ըսաւ տնտեսագիտութեան դոկտոր-փրոֆեսոր Թաթուլ Մանասերեան՝ անդրադառնալով Ռուսաստանէն Հայաստան եկող մասնագէտներու մեծ հոսքին:

Թ․ Մանասերեան կը գտնէ, որ պէտք է փորձել նոյնիսկ այդ ճգնաժամէն օգուտներ քաղել, օրինակ` մեր երկիրը պէտք է Ռուսաստանէն մեծ քանակութեամբ հումք` ուժանիւթակիրներ, հացահատիկ, փայտանիւթ ներկրէ եւ անոր համար ռուպլիով վճարէ: Յատկապէս որ Ռուսաստանը արդէն ռուպլիով առեւտուրը կը խրախուսէ:

Անդրադառնալով մտահոգութիւններուն՝ ռուս-ուքրանական պատերազմին հետեւանքով աշխարհի ու Հայաստանի մէջ հնարաւոր պարէնային հնարաւոր անբաւարարութեան, կ’ըսէ որ եթէ իրեն հնարաւորութիւն տրուի, ապա այս տարի կը լուծէ յատկապէս հացահատիկի խնդիրը` Հայաստանի տարածքին: Ան կը գտնէ, որ առաջին անհրաժեշտութեան 10 ապրանքախումբերը` հացահատիկը, մսամթերքը, կաթնամթերքն ու միւս ապրանքները, ըստ պահանջարկի, կրնան ամբողջութեամբ Հայաստանի մէջ արտադրուիլ:

Ինչ կը վերաբերի հացահատիկին, տնտեսագէտը կը հաւատացնէ, որ Հայաստանը Արցախի հետ միասին արտադրած է աւելի շատ հացահատիկ, քան պաշտօնական վիճակագրութիւնը այդ ներկայացուցած է: Պարզապէս, զայն թաքցուցած են ցորենի ստուերային շրջանառութիւն իրականացնելու պատճառով:

Թ․ Մանասերեան նաեւ կը վստահեցնէ, որ այս տարի ոչ թէ պէտք էր բարձրացնել կազի, ելեկտրաուժանիւթի եւ ջուրի սակագիները, այլ հակառակը` իջեցնել, եւ անոր համար կային բոլոր հիմքերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment