Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մօտ Մէկ Տասնեակ Ռուսաստանեան Ընկերութիւններ Արդէն Տեղափոխուած Են. Նախարար Քերոբեան

Մօտ Մէկ Տասնեակ Ռուսաստանեան Ընկերութիւններ Արդէն Տեղափոխուած Են. Նախարար Քերոբեան

by MassisPost

Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով բազմաթիւ ռուսաստանեան ընկերութիւններ վերջին օրերուն կը փափաքին Հայաստան տեղափոխուիլ` գործը այստեղ շարունակելու:

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի խօսքով, անոնցմէ շուրջ մէկ տասնեակը արդէն Հայաստան է. «Մօտ մէկ տասնեակ ընկերութիւններ արդէն տեղափոխուել են փաստացի, եւ մի քանի ընկերութիւններ էլ ճանապարհին են: Ընդհանուր դիմել են բազմաթիւ ընկերութիւններ, տասնեակ եւ հարիւրաւոր նոյնիսկ կարելի է ասել ընկերութիւններ»:

Գործող առեւտրային արհեստը Հայաստան տեղափոխող կամ տեղափոխել պատրաստուող ընկերութիւններուն մեծ մասը, ըստ տնտեսութեան նախարարին, բարձր արհեստագիտական ոլորտէն է: Քերոբեանի փոխանցմամբ, այստեղ եկած են կամ գալու կը պատրաստուին մասնաւորապէս արեւմտեան շուկաներու հետ աշխատող ընկերութիւնները. «Հիմնականում այն ընկերութիւններն են, որքեր ունեն ուղիղ առնչութիւն արեւմտեան շուկաների հետ, եւ այսօրուայ սահմանափակումները թոյլ չեն տալիս, որպէսզի իրենք իրենց երկրից այդ աշխատանքը կատարեն»:

Նախարարութեան մէջ արդէն յատուկ աշխատանքային խումբ ձեւաւորուած է, որ կը զբաղի գործող առեւտրային արհեստը այլ երկիրներէ Հայաստան տեղափոխելու կամ նորը հիմնելու հարցերով:

Նախարար Քերոբեան կը վստահեցնէ, որ այստեղ արդէն հիմնուող ընկերութիւններուն համար գրանցումը շատ հեշտ է, խոչընդոտներ չկան:

Խնդիրները այլ փուլերու մէջ կը սկսին: Ըստ նախարարին, իրենք ամէն ինչ կ’ընեն այդ հարցերը լուծելու համար. «Այստեղ մեր խնդիրն է ոչ թէ այնպէս անենք, որ պիզնեսը հեշտ բացուի, դա արդէն հեշտ է, [այլ] այնպէս անել, որ պիզնես անելը, պիզնես փակելը, Հայաստանում ապրելը, Հայաստանում երեխաներին կրթութիւն տալը եւ այլն յարմար լինեն, որպէսզի մարդիկ, ովքեր հայ չեն եւ հայաստանցի չեն, այնուամենայնիւ գտնուեն հաճելի միջավայրում, որտեղ ստեղծագործելը եւ աշխատելը աշխարհի մակարդակով մրցունակ միջավայր է»:

Հիմա հայաստանեան գործարար դաշտը կը հետաքրքէ նաեւ ուքրանական ընկերութիւններուն, վստահեցուց Քերոբեան, սակայն չներկայացուց, թէ քանի ընկերութիւն Ուքրանիայէն փափաքած են գալ Հայաստան կամ կը պատրաստուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment