Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան. «Թուրքիա Կը Բանայ Սահմանը, Եթէ Հայաստան Հաւատարիմ Ըլլայ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Գործընթացին»

Էրտողան. «Թուրքիա Կը Բանայ Սահմանը, Եթէ Հայաստան Հաւատարիմ Ըլլայ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Գործընթացին»

by MassisPost

Ափրիկէէն տուն վերադառնալու ճանապարհին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:

«Անգարան կրնայ բանալ սահմանները եւ վերականգնել դիւանագիտական կապերը, եթէ Երեւանը հաւատարիմ ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացին», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Անոր խօսքով` Անգարայի մէջ գիտեն, որ Հայաստանը «որոշ յստակ ակնկալիքներ ունի, մասնաւորապէս` սահմանները բանալու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու վերաբերեալ»:

«Եթէ Հայաստանը հաւատարիմ մնայ երկու բանագնացներու (Սերտար Քըլըճ եւ Ռուբէն Ռուբինեան) նախաձեռնած գործընթացը շարունակելու գաղափարին, մեզի համար այլեւս չ’ըլլար այնպիսի բան, ինչպիսին փակ դռներն են», ըսած է Էրտողան:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ: Երկու բանագնացները Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ, երկրորդ հանդիպումը պիտի ունենան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment