Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Washington Post. «Արդեօք Էրտողանը Իր Ներկայացուցիչը Պիտի Ունենա՞յ Ամերիկեան Ծերակոյտին Մէջ»

Washington Post. «Արդեօք Էրտողանը Իր Ներկայացուցիչը Պիտի Ունենա՞յ Ամերիկեան Ծերակոյտին Մէջ»

by MassisPost

«Արդեօք Թուրքիոյ նախագահը իր ներկայացուցիչը պիտի ունենա՞յ ամերիկեան Ծերակոյտին մէջ»․ Միացեալ Նահանգներու ամենաազդեցիկ պարբերականներէն մէկը` «Washington Post»-ը երէկուայ իր համարին մէջ այս հարցը կը հնչեցնէ` լուսաբանելով Փենսիլվանիոյ մէջ ընթացող ներկուսակցական ընտրարշաւը: Թերթին պնդմամբ` հանրապետական ընտրողներու շրջանակին մէջ ծաւալած այդ քարոզարշաւի ընտրարշաւին միանձնեայ առաջատարը ԱՄՆ-ի թրքական համայնքի ամենայայտնի ներկայացուցիչներէն մէկն է` նախագահ Էրտողանի հետ իր ջերմ յարաբերութիւններով յայտնի բժիշկ Մեհմետ Օզը:

«Մայիսին Փենսիլվանիոյ մէջ կայանալիք ներկուսակցական ընտրութիւններուն` փրայմըրիներուն ընդառաջ Օզը միլիոնաւոր տոլարներ պիտի ծախսէ հեռուստատեսային գովազդի վրայ, անոր ճանաչելիութեան աստիճանը պիտի հասնի 100 տոկոսի, անոր ալ գումարած ան միլիոնաւոր հետեւորդներ ունի ընկերային ցանցերու մէջ», կը գրէ «Washington Post»-ը` յատուկ ընդգծելով, որ վերջին հարցախոյզի հարցումները եւս կը վկայեն` Փենսիլվանիոյ մէջ բնակող հանրապետական ընտրողներուն գրեթէ 30 տոկոսը կը պատրաստուի քուէարկելու Մեհմետ Օզի օգտին:

«Դոկտոր Օզ» մականուամբ յայտնի թուրք սրտի վիրաբոյժին այսպիսի ժողովրդականութեան գաղտնիքը, ըստ թերթին, միանգամայն հասկնալի է: 2000-ականներու սկիզբէն Օզը առողջապահութեան նուիրուած հեռուստատեսային շարք մը հաղորդումներ կը վարէ, որոնցմէ ամենայայտնին կը հեռարձակուէր ամերիկեան հեռուստատեսութեան առասպելը համարուող Օփրա Ուինֆրիի հաղորդման շրջանակներուն մէջ: Ճիշդ է, ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Մեհմետ Օզը այդ հաղորդումներու ընթացքին երբեմն բաւական վիճայարոյց մասնագիտական տեսակէտեր կ’արտայայտէր, բայցեւայնպէս այժմ անոր ուղղուող գլխաւոր հարցերը քաղաքականութեան ոլորտէն են:

«Ո՞ր երկիրն է առաջնային դոկտոր Օզի համար», հարց կը հնչեցնէ «Washington Post»-ը` նշելով, որ այսօր ամերիկեան քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ սկսած են հարցականի տակ դնել Ծերակոյտի հնարաւոր անդամին հաւատարմութիւնը Միացեալ Նահանգներուն:

«Ծերակոյտի անդամները յաճախ շահերու բախման կիզակէտին կը յայտնուին` թէ՛ անձնական եւ թէ՛ գործնական: Բայց դեռ երբեք չէր ստեղծուած իրավիճակ մը, երբ երկքաղաքացին կրնայ ծերակուտական ընտրուիլ, այն ալ այնպիսի երկքաղաքացին, որ ծառայած է օտար երկրի բանակին մէջ եւ խոր կապեր ունի երկրի մը հետ, որուն ղեկավարը ընդդիմախօսները հալածելու տխուր համբաւ ձեռք բերած է», կը գրէ «Washington Post»-ը:

Թերթին գնահատմամբ. «Այն հանգամանքը, որ «Դոկտոր Օզ» մականունով յայտնի Մեհմետ Օզը բազմաթիւ թելերով կապուած է Թուրքիոյ եւ այն միջավայրին, որուն ներկայացուցիչն է միահեծան նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, լուրջ մտահոգութիւններու տեղի կու տայ Ուաշինկթընի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս»:

«Washington Post»-ը զրուցած է Թուրքիոյ խնդիրներով զբաղող ամերիկացի վերլուծաբաններու հետ. «Փորձագէտները կ’ըսեն, որ թէեւ Օզի թրքական ծագումը կրնայ նպաստել Ծերակոյտի բազմազանութեան, օրինաչափ է նաեւ այն մտահոգութիւնը, թէ ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Էրտողանը անոր վրայ` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Մեհմետ Օզի ընտանիքի անդամներն ու ունեցուածքը Թուրքիոյ մէջ են», կը գրէ թերթը` մէջբերելով վերլուծաբան Մայքըլ Ռուպինի հետեւեալ խօսքերը. «Օզի երկքաղաքացի ըլլալու փաստն ու թրքական քաղաքացիութենէ հրաժարելու հարցով անոր ցուցաբերած դժկամութիւնը անքուն գիշերներ պիտի պարգեւեն Հետաքննութիւններու Դաշնային Բիւրոյի եւ միւս յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներուն»:

ԱՄՆ-ի մէջ բնակող քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետ առնչութիւններ ունենալու պատճառով թրքական քաղաքացիութենէն զրկուած յայտնի պասքեթպոլիստ Էնես Քանթըրը Օզին վերաբերող գնահատականներուն մէջ աւելի կտրուկ է:

«Մարդիկ պէտք է հասկնան, որ «Դոկտոր Օզը» Էրտողանի գրպանին մէջն է: Ան պիտի ընէ այն, ինչ Էրտողանը կը փափաքի: Եթէ ան ընտրուի, ապա պիտի ըլլայ Էրտողանի ձեռքը Ծերակոյտին մէջ», «Washington Post»-ի հետ զրոյցին նշած է յայտնի մարզիկը:

Դատելով շարք մը տեղեկութիւններէ` Քանթըրի այս պնդումները իրականութենէն այնքան ալ հեռու չեն: 2017-ին Օզը մասնակցած էր Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած «թրքական շքերթին»` լուսանկարուելով Թուրքիոյ արդադարատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլի հետ: Թուրք պաշտօնեան, ի դէպ, այդ ժամանակ արդէն ամերիկեան պատժամիջոցներու թիրախին էր:

«Մեհմետ Օզը սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ պետութեան պատկանող «Turkish Airlines»-ի հետ, որուն ղեկավարները սերտ կապեր ունին նախագահ Էրտողանի ընտանիքի անդամներուն հետ», Դեկտեմբերին կը գրէր ամերիկեան «National Review» պարբերականը: Բացի այդ, ըստ ամերիկեան աղբիւրներու, Օզը սերտ կապեր ունի թրքական պետութեան անմիջական վերահսկողութեան ներքոյ գործող երկու ամերիկեան կառոյցներու` Թուրք-Ամերիկեան Ազգային Ղեկավար Կոմիտէի եւ Կրօնական Հարցերու թրքական գործակալութեան` Diyanet-ի ամերիկեան մասնաճիւղին հետ:

«Արդեօ՞ք Օզը օտար պետութեան գործակալ է: Նման ապացոյցներ չկան, սակայն եթէ անոր գործարար կապերը կախուած են այդ կառավարութեան բարեհաճութենէն, ապա այդ արդէն միանգամայն օրինական հարցեր կ’առաջացնէ», «Washington Post»-ի թղթակիցին ըսած է Արտաքին Յարաբերութիւններու Ուաշինկթընեան Խորհուրդի աւագ փորձագէտ Սթիվըն Քուքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment