Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Ռուբինեանի Եւ Հանրութեան Այլ Ներկայացուցիչներու Հետ Քննարկած Է Հայ-Թրքական Գործընթացը

Միրզոյեանը Ռուբինեանի Եւ Հանրութեան Այլ Ներկայացուցիչներու Հետ Քննարկած Է Հայ-Թրքական Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ գիտական ու փորձագիտական հանրոյթի ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին, ըստ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանի, միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Հայ եւ թուրք բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըճը երկրորդ անգամ պիտի հանդիպին Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ: Առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ էր, Յունուար 14-ին: Հայկական կողմը յայտարարած է, որ այս անգամ աւելի առարկայական քննարկում կ’ակնկալէ սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նաեւ Թուրքիոյ բարձր ղեկավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին է: Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` Անգարայի մէջ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ընթացող կառավարութեան նիստին կը քննարկուի նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով տարուող հայ-թրքական բանակցութիւններուն այժմու վիճակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment