Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փելես» Հիւրանոցը Օտարուեցաւ

Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փելես» Հիւրանոցը Օտարուեցաւ

by MassisPost

Ծաղկաձորի մէջ գտնուող «Կոլտըն Փելես» հիւրանոցային համալիրը օտարուած է «Փրոյեքթ Ինթըր-Ինվեսթ» ընկերութեան: Այս մասին կը յայտնէ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեանը` յաւելելով, որ սահմանուած էր 5 միլիառ դրամ գնային առաջարկ, որ ընկերութիւնը ներկայացուցած է, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 5 տարուայ ընթացքին լրացուցիչ 4,5 միլիառ ներդրումային ծրագիր:

Ըստ Սանոսեանի` մրցոյթին միայն մէկ յայտ ներկայացուած է:

«Կոլտըն Փելես» հիւրանոցը որպէս նուիրատուութիւն փոխանցուած էր պետութեան 2019-ի աշնան: Մաքսային Ծառայութեան նախկին ղեկավար Արմէն Աւետիսեանին պատկանող գոյքին նուիրատուութիւնը կ’ենթադրէր աւելի քան 7 միլիառ դրամ գնահատուած շէնք-շինութիւնները, անոնց սպասարկման համար յատկացուած հողամասը, ինչպէս նաեւ ներսը առկայ շարժական գոյքը:

Գոյքը ամրացուած էր Պետական Գոյքի Կառավարման Կոմիտէին` հետագային պետութեան կարիքներուն համար շահագործելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment