Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Նախկին Գլխաւոր Դատախազ Աղուան Յովսէփեան Կը Մնայ Կալանաւորուած

ՀՀ Նախկին Գլխաւոր Դատախազ Աղուան Յովսէփեան Կը Մնայ Կալանաւորուած

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ, ՀՀ նախկին Գլխաւոր դատախազ՝ Աղուան Յովսէփեանի կալանքը երրորդ անգամ 2 ամիսով երկարեցաւ։ Այս մասին լուրը Իրաւաբան․net-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեան։ Ան նշեց, որ որոշումը կայացած է Յունուար 4-ին։

Յիշեցնենք, որ ըստ Յատուկ քննչական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան` քրէական գործով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորուած է, որ Աղուան Յովսէփեան, 2004 թուականի Մարտ 18-էն մինչեւ 2013 թուականի Սեպտեմբեր 13-ը գրաւելով գլխաւոր դատախազի, իսկ 2014 թուականի Յուլիս 18-էն մինչեւ 2018 թուականի Յունիս 11-ը՝ քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, յիշեալ ժամանակամիջոցին փաստացի մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կատարող շարք մը ՍՊ ընկերութիւններու կառավարման, բացի այդ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190 միլիոն ՀՀ դրամ կաշառք եւ խարդախութեան եղանակով կատարած առանձնապէս խոշոր չափերով` 800 միլիոն ՀՀ դրամ գոյքի յափշտակութիւն:

Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով` ընդհանուր 1.299.404.414 ՀՀ դրամ գոյքը (դրամալուացում) օրինականացնելու յօդուածով: Աղուան Յովսէփեան կալանաւորուած էր 2021 թուականի Սեպտեմբեր 8-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment