Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տաւուշի Մէջ Միջադէպերու Առնչութեամբ «Մարտական Եղբայրութեան» 7 Անդամ Ձերբակալուած Է. ՔԿ

Տաւուշի Մէջ Միջադէպերու Առնչութեամբ «Մարտական Եղբայրութեան» 7 Անդամ Ձերբակալուած Է. ՔԿ

by MassisPost

«Մարտական Եղբայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան եօթը անդամ ձերբակալուած է Տաւուշի մարզին մէջ միջպետական ճանապարհը փակելու ընթացքին առերեւոյթ խուլիկանական արարքներու կատարման մէջ մասնակցութեան կասկածանքով, հաղորդած է Քննչական Կոմիտէն։

Ապրիլ 21-ին՝ ժամը 15:50-ի սահմաններուն, Յաղթանակի «Վոդխոզ» կոչուող հատուածին մէջ՝ դէպի Բագրատաշէն բնակավայրի ուղղութեամբ, «Մարտական Եղբայրութիւն» կազմակերպութեան 3 անդամներ եւ խումբ մը այլ քաղաքացիներ փակած են միջպետական ճանապարհը։ Մէկ այլ բնակիչ պահանջած է բանալ զայն, որմէ յետոյ իր «Ուազ» ինքնաշարժով առաջ ընթացած է, սակայն քաղաքացիները, ըստ Քննչականին, խոչընդոտելով փոխադրամիջոցներուն ընթացքը՝ չեն թոյլատրած:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ խումբ մը քաղաքացիներ ձեռքերով հարուածած եւ կոտրած են ինքնաշարժի դիմապակին, ապա դիմած են փախուստի: Իսկ արդէն ճանապարհի բացուելէն յետոյ Մ․Ա․-ն վիճաբանութեան մէջ մտած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան դաշինք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի հետ, ձեռքով հարուածած եւ անոր եւ պատճառած են մարմնական վնասուածք։

Նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment