Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Նշեն Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-Ամեակը

Հայաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Նշեն Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-Ամեակը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Յունուար 7-ին կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ տարեդարձը: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»՝ այդ մասին Թուիթըրով տեղեկացուցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ հայ-ամերիկեան երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են ուղիղ 30 տարի առաջ այս օրը՝ 1992-ի Յունուար 7-ին:

«1992 թուականից ի վեր Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները զարգացրել են ամուր գործընկերութիւն՝ խարսխուած ժողովրդավարութեան ընդհանուր արժէքների, մարդու իրաւունքների յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ», – նշած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շնորհաւորելով երկու երկիրները կարեւոր տարեդարձի կապակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment