Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Շատ Իմաստուն Վարուեցաւ. Ռազմական Փորձագէտը՝ Ղազախստան ՀԱՊԿ Խաղաղապահ Ուժեր Ուղարկելու Որոշման Մասին

Փաշինեան Շատ Իմաստուն Վարուեցաւ. Ռազմական Փորձագէտը՝ Ղազախստան ՀԱՊԿ Խաղաղապահ Ուժեր Ուղարկելու Որոշման Մասին

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը Ղազախստանի մէջ, որ ըստ էութեան, հաւաքական արձագանգման առաջին իրական գործողութիւնն է կազմակերպութեան պատմութեան մէջ, էապէս կը բարձրացնէ ՀԱՊԿ-ի միջազգային հեղինակութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այդպիսի կարծիք յայտնեց Մոսկուայի Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութիւններու հիմնարկի փոխ տնօրէն Ալեքսանդր Խրամչիխին՝ շեշտելով, որ Հայաստան, որպէս ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահող, ինչ որ առումով վճռական դեր խաղցաւ այդ գործընթացին մէջ:

«Ըստ երեւոյթին, Փաշինեան ինչ որ չափով միտումնաւոր ձեւով այդպիսի գործօն դեր կը խաղայ այն պատճառով, որ ասկէ յետոյ համանման իրավիճակի մէջ արդէն շատ աւելի դժուար կ’ըլլայ Հայաստանի խնդրանքը մերժելը: Այսինքն՝ տուեալ պարագային ան շատ իմաստուն վարուեցաւ: Այդ շատ խելացի քայլ էր Փաշինեանի կողմէ: Բայց նախ եւ առաջ ան, ի հարկէ, խորհրդակցած է ՀԱՊԿ-ի առաջնորդներուն հետ», – մեկնաբանեց Ալեքսանդր Խրամչիխին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment