Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Սիւնիքի Մարզի Համայնքներու Ղեկավարները

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Սիւնիքի Մարզի Համայնքներու Ղեկավարները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սիւնիքի մարզի՝ Կապան, Մեղրի, Տեղ, Տաթեւ, Գորայք, Քաջարան, Սիսիան համայնքներու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալը: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Նախքան մարզին վերաբերող հարցերու քննարկումը, վարչապետը շնորհաւորած է հանրապետութեան բոլոր համայնքներու նորընտիր ղեկավարները: «Ուրախ եմ արձանագրել, որ ընտրական հիմնարկի նկատմամբ հետեւողական եւ շարունակական կերպով մեր հանրութեան վստահութիւնը մեծանում է: Սա եղել է մեր քաղաքական խումբի եւ կառավարութեան կարեւոր յանձնառութիւնը, եւ մենք այդ ճանապարհով գնալու ենք:

Ի հարկէ, մեր ընտրական համակարգը կատարեալ չէ, աշխարհում չկայ էլ կատարեալ ընտրական համակարգ, բայց կարեւոր է արձանագրուի՝ քաղաքացին վստահ լինի, որ իր ընտրութիւնն է որոշիչը: Անկախ նրանից, թէ որ դէպքում ինչքան դա դուր կու գայ իշխանութեանը, ինչքան դուր կու գայ ընդդիմութեանը՝ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ ինքը որոշիչ ուժ է, եւ սա չափազանց կարեւոր գործօն է»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է նման ձեւաչափերով հանդիպումներու կարեւորութիւնը՝ նաեւ համայնքներու խոշորացման գործընթացի շրջածիրէն ներս: «Գուցէ ընդհանրապէս ընդհանրական ձեւաչափի մասին մտածենք, որպէսզի կարողանանք կառավարութեան եւ տեղական ինքնակառավարման հիմնարկի գործակցութիւնն աւելի համակարգուած իրականացնել»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան:

Անդրադառնալով Սիւնիքի մարզի խնդիրներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ անոնք կառավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնն են: Այդ առումով վարչապետը կարեւորած է պաշտօնական՝ առաջին աղբիւրէն տեղեկատուութիւն տրամադրելու գործընթացի պատշաճ իրագործումը: «Անհրաժեշտ է տրամադրել ամբողջական տեղեկատուութիւն՝ ինչ է կատարւում, ինչու է կատարւում, ինչ սպասել, ինչ չսպասել: Գիտէք, ցաւօք, տեղեկատուական դաշտում միշտ չէ, որ ճիշդ տեղեկատուութիւն է շրջանառւում: Պէտք է բոլորս կարողանանք իրողութիւնները յստակ գնահատել, կարողանանք տարբերել կեղծ տեղեկատուութիւնը ճիշդ տեղեկատուութիւնից»,- ընդգծած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ ընդհանրապէս եւ՛ ներքին, եւ՛ արտաքին բազմաթիւ հարցերով Հայաստանի բոլոր պետական եւ ինքնակառավարման մարմինները պէտք է գործեն համաժամանակեայ, որովհետեւ խօսքը պետական եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան մասին է:

Այնուհետեւ հանդիպման քննարկուած են կառավարութիւն-տեղական ինքնակառավարման մարմիններ համագործակցութիւն, Սիւնիքի համայնքներուն մէջ կառավարութեան կողմէ կատարուող ծրագիրներու ընթացքին, անոնց կարգին՝ ուղղուած ենթակառուցուածքներու բարելաւման ու զարգացման: Կարեւորուած է կառավարութեան հնգամեայ ծրագրի, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան ծիրէն ներս նախատեսուող լայնածաւալ ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործումը, ինչ որ էապէս կը նպաստէ մարզի եւ համայնքներու զարգացման ու նոր աշխատատեղերու ստեղծման:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը կատարելու հնարաւորութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment