Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցուցարարները Վարչապետէն Պահանջած Են Բացայայտել՝ Առաջիկային Ի՞Նչ Փաստաթուղթ Կը Պատրաստուի Ստորագրել

Ցուցարարները Վարչապետէն Պահանջած Են Բացայայտել՝ Առաջիկային Ի՞Նչ Փաստաթուղթ Կը Պատրաստուի Ստորագրել

by MassisPost

Քանի մը քաղաքական ուժեր այսօր՝ Նոյեմբեր 22-ին, Երեւանի մէջ բողոքի հաւաքներ ըրին` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանէն բացայայտել, թէ առաջիկային ի՞նչ փաստաթուղթ կը պատրաստուի ստորագրել Ատրպէյճանի հետ։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած բախումներէն յետոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յիշեցուց, թէ ինքը դեռ Մայիսին յայտարարած է, որ պատրաստ է ստորագրել Ատրպէյճանի հետ սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման մասին փաստաթուղթը։ Իսկ Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի արեւելեան սահմաններուն տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններէն յետոյ նշեց, որ Ռուսաստանը նոր առաջարկներ ներկայացուցած է. – «Այդ առաջարկութիւնները մեզ համար ընդունելի են»:

Բողոքի հաւաքները սկսան վաղ առաւօտեան, փողոցներ փակեցին, շատեր  բերման ենթարկուեցան: Ցոյցերու գործուն մասնակիցներն են Կարին Տոնոյեանի գլխաւորած «5165» շարժումը, Փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ՝ Արա Զոհրապեանը, նախկին իմքայլական պատգամաւոր՝ Սոֆիա Յովսէփեանը եւ այլոք։ Ցոյցերու մասնակիցները կը կարծեն, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին փաստաթուղթը կրնայ վնասել Հայաստանի շահերը, անոնք մտավախութիւն ունին, որ այդպիսի փաստաթուղթ ստորագրելով Հայաստանը հնարաւոր է ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր կարգին՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն ներս:

«Կա՞յ աշխարհում մի ուրիշ նման երկիր, որ ժողովրդավարական երկրում միայն մէկն է որոշում ամբողջ ժողովրդի ճակատագիրը: Մեր Սահմանադրութեան մէջ տրուած է իրաւունք իրազեկուելու, թէ ինչ են որոշում անել մեր երկրի հետ, ձեզանից ընդամէնը դա է պահանջւում, դուրս եկէք փողոց, կանգնէք ու պահանջէք ձեր իրաւունքը՝ իրազեկուած լինել, ուրիշ ոչինչ այս պահին չենք ուզում», – յայտարարեց Կարին Տոնոյեանը:

Ցուցարարները իրենց պահանջի վերաբերեալ դիմում փոխանցեցին կառավարութեան, ապա յառաջացան դէպի նախագահական նստավայր ու Ազգային ժողով:

«Եկել ենք այստեղ՝ խնդրելու, դիմելու, յորդորելու Հանրապետութեան նախագահին իր ունեցած լիազօրութիւնների, իր հեղինակութեան, իր կարողութիւնների շրջանակներում գործադրել այդ ամէնը՝ ազդելու կառավարութեան, Նիկոլ Փաշինեանի վրայ, որպէսզի վերջինս բացայայտի իր սեղանին գտնուող փաստաթուղթը, որը վերաբերում է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին», – ըսաւ հաւաքին մասնակիցներէն մէկը:

Երեկոյեան ցուցարարները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք կատարեցին, ապա մայրաքաղաքի փողոցներով երթի ելան։ Իշխանութիւններէն ցուցարարներու պահանջին անդրադարձած է ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արփի Դաւոյեանը՝ իր դիմատետրեան էջին գրելով. – «Հաւաքուած մարդիկ պահանջում են, ինչ-որ երեւակայական, փաստաթղթի բովանդակութեան հրապարակում` ընթացքում խուճապ եւ անկայունութիւն տարածելով։ Սա հաւասար է նրան, որ պահանջեն հրապարակել ամրան կէսին ենթադրուող գալիք ձիան չափը»:

Գործադիրէն արձագանգ չեղաւ այսօր ցուցարարներուն, այդուհանդերձ Փաշինեան խոստացած է վաղը իր դիմատետրեան էջով պատասխանել լրատուամիջոցներու հարցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment