Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Նոր Նախապայմաններ Կը Դնէ՝ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար. Միրզոյեան

Թուրքիան Նոր Նախապայմաններ Կը Դնէ՝ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար. Միրզոյեան

by MassisPost

«Թուրքիան նոր նախապայմաններ է դնում՝ յարաբերութիւնների հաստատման համար», ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«Մենք մշտապէս յայտարարել ենք, որ պատրաստ ենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւններն առանց նախապայմանների՝ չնայած Արցախի դէմ պատերազմի ընթացքում Թուրքիոյ կողմից Ատրպէյճանին ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեանը՝ ինչպէս քաղաքական առումով, այնպէս էլ՝ սպառազինութեան մատակարարմամբ եւ հազարաւոր օտարերկրեայ վարձկանների տեղակայմամբ», – անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ընդգծած է նախարարը։

«Մենք դրական ազդակներ ենք ստացել Թուրքիոյ կողմից երկխօսութիւնը վերաբացելու ուղղութեամբ, բայց այն խրթին է մնում։ Անգարան նոր պայմաններ է առաջադրում։ Դրանց թւում Ատրպէյճանը եւ Նախիջեւանը կապող «միջանցքն» է։ Դա բացարձակապէս չի կարող քննարկման առարկայ լինել։ Պետութիւնները պէտք է տարանցում թոյլ տան՝ պահպանելով սեփական տարածքի նկատմամբ ինքնիշխանութիւնը։ Տարածաշրջանի հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները պէտք է վերաբացուեն», – աւելցուցած է Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment