Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիան Առանցքային Դերակատարում Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ատրպէյճանին Աջակցելու Գործով. Եւրոպական Յանձնաժողովի Զեկոյց

Թուրքիան Առանցքային Դերակատարում Ունեցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ատրպէյճանին Աջակցելու Գործով. Եւրոպական Յանձնաժողովի Զեկոյց

by MassisPost

Հոկտեմբեր 19-ին Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած է Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի վերաբերեալ «Թուրքիա 2021 թուականի» զեկոյցը, ուր տեղ գտած են որոշ շեշտադրումներ Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Թուրքիա բնակող հայերու վերաբերեալ:

«Թուրքիան առանցքային դերակատարում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական ջանքերուն աջակցելու գործով՝ տրամադրելով ռազմական օգնութիւն, հետախուզական տուեալներ ու զէնք, եւ, ինչպէս կը հաղորդուի, աջակցութիւն օտարերկրեայ զինեալներու տեսքով»,- նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի զեկոյցով։

Նշուած է նաեւ, որ Արցախեան պատերազմին Ատրպէյճանի կողմէ գանատական ճարտարագիտութիւններու օգտագործման պատճառով Գանատան չեղեալ համարած է ռազմական ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու՝ Թուրքիա արտահանման թոյլտուութիւնը:

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերաբերեալ փաստաթղթին մէջ նշուած է, որ երկու երկիրները զարգացուցած են համագործակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, անոնց կարգին՝ պաշտպանութեան, տնտեսութեան, ուժաբանութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի,  ինչպէս նաեւ աշխուժօրէն ներգրաւուած են Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն մէջ՝ չնայած հակամարտող կողմերուն քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն տրամադրելուն։

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայ-թրքական փակ սահմանին: Նշուած է, որ Թուրքիան պէտք է մեծցնէ ներդրումները՝ Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով ականապատուած տարածքներու ականազերծման համար:

Թուրքիոյ ժողովրդավարացման վերաբերեալ գնահատականներու մէջ անդրադարձ կը կատարուի երկրին մէջ խօսքի ազատութեան խնդիրներուն: Նշուած է, որ հայկական, յունական եւ հրէական թերթերուն նախատեսուող նիւթական նպաստը պէտք է տրամադրուի «Մամլոյ գովազդի հարցերով մարմնի» կողմէ։

Եւրոպական յանձնաժողովի զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ 2007 թուականի Թուրքիոյ մէջ հայ լրագրող՝ Հրանտ Տինքի սպաննութեան: Այդ մասին փաստաթուղթին մէջ նշուած է. «Սպաննութեան մասնակից պետական պաշտօնեաներու դէմ դատական գործը աւարտեցաւ 2021 թուականի Մարտին՝ 77 մեղադրեալներէ 37-ի արդարացումով։ Իսկ Թուրքիայէն փախած 12 մեղադրեալներու գործերը առանձնացուած են, քանի որ չէին կրնար քննուիլ այդ գործընթացին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment