Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Տաշիր» Ընկերութիւնը կը Նախատեսէ Հայաստանի Տարբեր Ոլորտներու Մէջ 130 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել

«Տաշիր» Ընկերութիւնը կը Նախատեսէ Հայաստանի Տարբեր Ոլորտներու Մէջ 130 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել

by MassisPost

«Տաշիր» ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրական հզօրութիւնները եւ զբօսաշրջիկութիւնը զարգացնելու, նաեւ երիտասարդական գործարարութիւնը խթանելու համար 130 միլիոն տոլարի ներդրում ընել։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Երեւանի մէջ Armenia Business Forum-ի բացման իր խօսքին մէջ նշեց «Հայ գործարարներու միութեան» նախագահ, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ՝ Սամուէլ Կարապետեանը՝ ներկայացնելով «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի առաջիկայ հինգ տարուայ ծրագիրները։

«Տնտեսութեան զարգացումն անհնար է առանց արտադրական հզօրութիւնների զարգացման, այդ թւում՝ առանց այդ ոլորտում նոր նորարար լուծումների կիրառման։ Նոր հզօրութիւնների զարգացումը ամբողջ տնտեսութեան շարժիչ ուժն է։ Այն մեծացնում է արտահանման կարողութիւնը, երկրի բնակչութեանը ապահովում է աշխատատեղերով։ Այս նպատակի համար յատկացուելու է 50 միլիոն տոլար»,- ըսաւ Կարապետեան։

Ըստ հայ գործարարին՝ «Տաշիր» ընկերութեան համար երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը զբօսաշրջիկութեան ոլորտն է։

«Զբօսաշրջիկութեան  ոլորտը մեծ ուշադրութիւն է պահանջում։ Հայաստանը իւրայատուկ զբօսաշրջիկական երկիր է, զարգացման մեծ կարողութիւն ունի։ Այդ նպատակների համար կը յատկացնենք մօտ 50 միլիոն տոլար»,- նշեց Կարապետեան։

Յաջորդը, ըստ Կարապետեանին, երիտասարդական գործարարութեան խթանումն է։

«Կարեւոր է չանտեսել նաեւ երիտասարդ սերնդի նախաձեռնութիւններին աջակցութիւնը։ Այդ ծրագրերին կը տրամադրենք մօտ 30 միլիոն տոլար»,-եզրափակեց Կարապետեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment