Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնավարման Ընթացքին Սերժ Սարգսեան Պետական Միջոցներու Հաշւոյն 16 Անգամ Մեկնած Է Պատեն-Պատեն. fip.am

Պաշտօնավարման Ընթացքին Սերժ Սարգսեան Պետական Միջոցներու Հաշւոյն 16 Անգամ Մեկնած Է Պատեն-Պատեն. fip.am

by MassisPost

Երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնավարման 10 տարիներու ընթացքին ամէն տարի կառավարական օդանաւով պետական միջոցներու հաշւոյն մեկնած է գերմանական Պատեն-Պատեն քաղաք. ասիկա fip.am-ի կատարած հետաքննութեան պնդումն է։ Իսկ 2008-2018-ին Հայաստանը ղեկավարած Սարգսեանի ներկայացուցիչը հերքած է հետաքննութեան որոշ դրուագներ, իսկ միւսներուն չէ անդրադարձած։

Փաստերու ստուգման հարթակի հետաքննութեան համաձայն, Սարգսեանը պաշտօնավարման տասը տարիներու ընթացքին գերմանական առողջարանային այդ քաղաքը մեկնած է աւելի քան 16 անգամ։ Հարթակը, փաստեր ներկայացնելով, նաեւ պնդած է, թէ երրորդ նախագահը Պատեն-Պատեն եղած է նաեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ՝ Ապրիլ 5-ին։ Ըստ հետաքննութեան, Սերժ Սարգսեանը Ապրիլ 6-ին ու 7-ին դէպի Գերմանիա նախատեսուած պաշտօնական այցը օգտագործած է կրկին Պատեն-Պատեն այցելելու համար։

Մինչդեռ Սերժ Սարգսեանի պաշտպան՝ Ամրամ Մակինեան, որ հետաքննութեան հրապարակումէն ժամեր անց դիմատետրեան գրառմամբ հանդէս եկաւ, յայտարարած է, թէ Պերլին կատարած պաշտօնական այցէն առաջ Պատեն-Պատեն մեկնելու մասին պնդումը բացարձակ ապատեղեկատուութիւն է։

FIP.am-ին թռիչքներու վերաբերեալ տուեալներ տրամադրած է Քաղաքացիական օդանաւային կոմիտէն, այդ ցուցակով ներկայացուած են նախագահի աշխատակազմի յայտերի հիման վրայ 2008-ի Յունուար 1-էն 2018-ի Յունուար 1-ին ժամանակամիջոցին կատարուած թռիչքներու ցանկը։

Երրորդ նախագահի ներկայացուցիչ՝ Ամրամ Մակինեան նշած է, թէ Քաղաքացիական օդանաւային կոմիտէի տրամադրած տեղեկանքը միտումնաւոր կերպով կամ անփութութեան պատճառով ճշգրիտ չէ։

Մակինեան նաեւ վերոյիշեալ այցի ծրագիրը հրապարակած է ։ Փաստաբանի գրառումը վերաբերած է միայն ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Գերմանիա կատարուած այցին. հետաքննութեան մէջ զետեղուած այլ թռիչքներուն Մակինեանը չէ անդրադարձած։

«Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան փաստաբան ըսաւ, թէ Սերժ Սարգսեանի այցերը եղած են օրէնքով նախատեսուած կարգով։ Մակինեանի խօսքով, բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք, օրէնքով նախատեսուած ընկերային երաշխիքներ ունին։

Փաստերու ստուգման հարթակէն յայտնած են՝ իրենց հրապարակած փաստերը պիտի ուղարկեն Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ Քրէական օրէնսգրքի վատնման եւ իւրացման ու պաշտօնէական լիազօրութիւններն անցնելու յօդուածներու շրջանակէն ներս քրէաիրաւական գնահատական խնդրելով։

Սերժ Սարգսեանի կառավարման տարիներուն ընդդիմադիրներու կողմէ բազմաթիւ էին պնդումները, թէ նախագահը Պատեն-Պատեն կը մեկնի ու այնտեղ խաղատուներ կ’այցելէ։

Երրորդ նախագահը արտահերթ խորհրդանական ընտրութիւններու նախորդած քարոզարշաւի ընթացքին չէր հերքած Պատեն-Պատեն երթալու հանգամանքը, սակայն նշած էր, թէ նոյնիսկ խաղատուներու կողքէն անցնելէ խուսափած է. այդ քաղաքները նախկին նախագահի խօսքով այլ բանով գրաւիչ են:

Fip.am-ի հետաքննութեան վրայ աշխատած լրագրող՝ Անի Գրիգորեանի խօսքով, քանի որ երրորդ նախագահի առողջարանային այդ քաղաք կատարուած այցերու մասին պնդումները շատ էին, որոշեցին հետաքննութիւն ընել ստուգելու համար: « Պարզեցինք, որ Սերժ Սարգսեանը իր նախագահութեան տասը տարիների ընթացքում աւելի քան տասնվեց անգամ պետական օդանաւով եղել է Պատեն-Պատենում»։

Ըստ հետաքննութեան համահեղինակին՝ Սարգսեանի այցերէն ոչ մէկը պաշտօնական եղած է:

Շաբաթներ առաջ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Խաչատուր Սուքիասեան յայտարարած էր, թէ Սերժ Սարգսեանը աւելի քան 100 միլիոն տոլար գումար կորսնցուցած է խաղատուներու մէջ:

Երրորդ նախագահի պաշտպան՝ Ամրամ Մակինեան պատգամաւորին դէմ դատական հայց ներկայացուցած  է ՝ Սերժ Սարգսեանի բարի համբաւը արատաւորող տեղեկութիւնները հերքելու պահանջով:

«Դատալեքս» համակարգը տեղեկացուցած է, որ առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հայցը վարոյթ ընդունած է ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment