Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Տեւական Խաղաղութեան Համար Աւելին Պէտք Է Կատարուի․ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահ

Լեռնային Ղարաբաղի Տեւական Խաղաղութեան Համար Աւելին Պէտք Է Կատարուի․ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի տեւական խաղաղութեան համար աւելին պէտք է կատարուի, յայտարարած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) նախագահ՝ Մարկարեթա Սետըրֆելթը՝ ԵԱՀԿ Մշտական խորհրդին ուղղուած իր առաջին ուղերձով։

Շուէտի պատգամաւորը շեշտած է, որ չնայած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  հրադադար է, այդուհանդերձ պէտք է աւելին կատարել ՝ երաշխաւորելու տեւական խաղաղութիւնը եւ թեթեւցնելու քաղաքացիական անձերու տառապանքները:

«Հիմնուելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու հետ մեր լաւ համագործակցութեան վրայ՝ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը պատրաստ է խրախուսել միջխորհրդարանական երկխօսութիւնը՝ աջակցելու այս խաղաղ գործընթացին», -ըսած է Մարկարեթա Սետըրֆելթը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment