Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առանց Սահմանները Բանալու՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորում Սկսիլ Հնարաւոր Չէ. Փայլան

Առանց Սահմանները Բանալու՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորում Սկսիլ Հնարաւոր Չէ. Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան, Factor.am-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութեան, ըսած է, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղճուած իրավիճակէն դուրս գալու 2 ճանապարհ կայ՝ վերսկսիլ պատերազմը կամ մտածել հաշտութեան մասին։

Փայլանի խօսքով՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականացնելու գլխաւոր նախապայմանը սահմաններու բաց ըլլալն է․ «Առանց սահմանները բանալու՝ յարաբերութիւններու բնականացման գործընթաց սկսիլ հնարաւոր չէ»։

«Ուրախ եմ տեսնելով, որ երկու կողմերը կը մտածեն հաշտեցման գործընթաց սկսելու մասին։ Պատերազմի հետեւանքով ստացուած վէրքերը վերացնելու համար կողմերը պէտք է մտածեն յարաբերութիւններու բնականացման մասին»,- ըսած է Փայլան։

Անոր կարծիքով՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իսկապէս կը ցանկան նման գործընթաց սկսիլ։ Ըստ Փայլանի՝ պատճառը այն է, որ Էրտողան կը ցանկայ փոխել միջազգային հանրութեան կարծիքը իր մասին։ «Թուրքիան իր ոտքը դրած է քանի մը տարածաշրջան, ունի խնդիրներ Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ մէջ եւ այլն, իր նէօօսմանական երազանքները կը փորձէր իրականացնել, եւ հիմա ան ոչինչ ունի աշխարհին պատմելու՝ խաղաղութիւն հաստատելու, ինչ որ տարածաշրջանային ծրագիրներ գործադրելու մասին։ Էրտողանը Հարաւային Կովկասը կը դիտարկէ որպէս պատմութիւն՝ աշխարհին ներկայացնելու համար, որ Թուրքիան կ’աշխատի խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ»,- կարծիք յայտնած է Փայլան։

Ան մատնանշած է, որ Թուրքիոյ նախագահը յաճախ կը խօսի նախագիծերու մասին, ուր ներգրաւուած է 6 տարածաշրջանային երկիրներ՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Իրան, Վրաստան, որոնց պիտի միանայ նաեւ Հայաստանը՝ ունենալով որոշ տնտեսական օգուտներ։ «Էրտողանը հիմա կը ցանկայ Արեւմուտքին՝ Եւրոպային եւ ԱՄՆ-ին հաւատացնել, որ դեռ կ’աշխատի խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ եւ կը մտածէ այս տարածքին մէջ երկիրներու հաշտեցման մասին»,- ըսած է ան։

Այն դիտարկման, թէ Հայաստան շատերը մտահոգութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հնարաւոր բնականացման հետ կապուած, քանի որ չեն վստահիր այդ պետութեան՝ Փայլան արձագանքած է, որ այդ բնական է, քանի որ հայերը շարք մը պատճառներ ունին։

«Թուրքիան նշանակալի դեր խաղցաւ նաեւ նախորդ տարուայ պատերազմին մէջ՝ օգնելով Ատրպէյճանին։ Բայց Էրտողան առիթէն օգտուող եւ գործնական նախագահ է․ անցեալ տարի ներգրաւուեցաւ պատերազմին մէջ՝ ազգայնականներուն հաճոյանալու եւ Ատրպէյճանի համար որոշ առաւելութիւններ ստեղծելու համար։ Բայց ան տեսաւ նաեւ, որ պատերազմով չկարողացաւ լծակներ ստանալ: Ռուսաստանը կարողացաւ ստանալ լծակներ, իսկ Թուրքիան՝ ոչ»,- ըսած է Փայլան։ Իսկ հաշտեցման «խաղով» Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան, ըստ Կարօ Փայլանին, երկու հարց կը լուծէ․ առաջինը՝ տնտեսականն է, առեւտուր Հայաստանի հետ, երկաթուղագիծի վերագործարկում եւ այլն, իսկ երկրորդը՝ աշխարհին ներկայացնել պատմութիւն, որ ինքը դեռ կողմ է խաղաղութեան։

Մէկ այլ դիտարկման թէ արդեօ՞ք հիմա աշխարհին կը յուզէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականացման գործընթացը, ինչպէս 13 տարի առաջ էր՝ Կարօ Փայլան նկատել տուած է, որ ժամանակին աշխարհը այստեղով նաւթի, բնական կազի տարանցմամբ հետաքրքրուած էր, իսկ հիմա նման նախագիծերը արդէն Վրաստանով կ’իրագործուին։

«Փողի բացակայութիւնը արդէն կը թուլացնէ հետաքրքրութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականացման հանդէպ։ Գուցէ, ամէն պարագային, ինչ որ հետաքրքրութիւն ըլլայ, բայց արեւմտեան երկիրները յաճախ աչք կը փակեն այն ամէնուն վրայ, ինչ տեղի կ’ունենայ Արեւելքի երկիրներուն մէջ։ Ատիկա ցոյց տուաւ նաեւ նախորդ տարուայ պատերազմը։ Մենք պէտք է անկէ դասեր քաղենք եւ մենք մեր խնդիրները լուծենք մեր տարածաշրջանին մէջ։ Եթէ չես կրնար լուծել խնդիրները, ուրեմն պէտք է ուժեղ ըլլաս, իսկ եթէ բաւարար ուժեղ չես, պէտք է ձգտիս խաղաղութեան»,- եզրափակած է Փայլան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment