Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այս Պահուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Միջեւ Բանակցութիւններ Չկան․ ՀՀ ԱԳՆ

Այս Պահուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Միջեւ Բանակցութիւններ Չկան․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

«Այս պահին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման նպատակով բանակցութիւններ չեն վարւում», այսօր՝ Սեպետմբեր 13-ին «Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան, տեղեկացուցած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։

«Ազատութիւնը» մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր արտաքին գործոց նախարարութենէն, թէ արդեօք պաշտօնական բանակցութիւններ կը նախանշուի՞ն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

«Ի պատասխան ձեր հարցման՝ յայտնում ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագէտների միջեւ շփումները սահմանափակւում են միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերի շուրջ բազմակողմ ձեւաչափով քննարկումներին մասնակցութեամբ», – ըսուած է ԱԳՆ պատասխանով։

Վերջին շրջանին Անգարան եւ Երեւանը պարբերաբար նամակներ կը փոխանցեն երկկողմանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ։ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանի հետ`բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ: Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանն ալ, ի պատասխան, յայտարարած էր, թէ Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment