Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Խօսակցութեան

Հայաստան Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Խօսակցութեան

by MassisPost

«Պաշտօնական Երեւանը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թրքական երկաթուղին եւ ճանապարհները վերագործարկելու մասին խօսելու հնարաւորութիւն է տեսնում»։ Այդ մասին այսօր՝ Սեպտեմբեր 8-ին գործադիրի ղեկավարը յայտարարեց կառավարութեան նիստի ժամանակ։

Նիկոլ Փաշինեան արձագանքեց Թուրքիոյ նախագահի՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններուն։ Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանին հետ` բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ:

«Մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան», – շեշտեց կառավարութեան ղեկավարը՝ շարունակելով․ – «Մեծ հաշուով խօսքը մեր տարածաշրջանը Արեւելքը Արեւմուտքին, Հիւսիսը Հարաւին կապող խաչմերուկ դարձնելու մասին է։ Այս գործընթացին աշխուժօրէն աջակցելու հրապարակային պատրաստակամութիւն է ցուցաբերել Ռուսաստանը։ ԵՄ-ն, Ֆրանսան, Նահանգները եւս հետաքրքրուած են այս գործընթացով»։

Սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններու խորացումը կամ կարգաւորումը կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն պիտի ըլլայ, այսօրուայ նիստին շեշտեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Նշելով, որ վարչապետ վերանշանակուելէն յետոյ եղած է Իրան, այսօր ալ կը մեկնի Վրաստան՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ երկու պարագային ալ օրակարգին վրայ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումն է, այս համաթեքսթով կարեւորելով «Հիւսիս-հարաւ» նախագիծը, որ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանը կը կապէ Վրաստանի սահմանին հետ։

«Մեզ համար չափազանց կարեւոր է նաեւ երկաթուղային կապի հաստատումը Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ Այս խնդիրը լուծելու համար Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ ձեւաչափով քննարկում ենք հաղորդակցութիւնների վերաբացման հարցը։ Այստեղ մենք վճռական ենք եւ յստակ ջանքեր կը գործադրենք արդիւնքների հասնելու համար՝ գիտակցելով ի հարկէ, որ Ատրպէյճանն էլ իր հերթին ակնկալում է հաղորդակցութիւն ստանալ իր արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի միջեւ», – ըսաւ Փաշինեան։

Գործադիրի ղեկավարը վերահաստատեց, որ Հայաստանը տրամադրուած է վերականգնել խաղաղ գործընթացը Ատրպէյճանի հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։

Կարեւորելով Ատրպէյճանի հետ սահմանագծում եւ սահմանազատում կատարելու օրակարգը՝ Փաշինեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ օր առաջ աւարտին հասցնել գերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու Հայաստան վերադարձնելու գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment