Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Անգարայի Ճնշումները Իսրայէլի Նկատմամբ.Պատմաբան Իսրայէլ Չարնի Նոր Հատոր Հրապարակած Է

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Անգարայի Ճնշումները Իսրայէլի Նկատմամբ.Պատմաբան Իսրայէլ Չարնի Նոր Հատոր Հրապարակած Է

by MassisPost

Յայտնի հրեայ ցեղասպանագէտ՝ Իսրայէլ Չարնին կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ճանաչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Լոյս տեսած է գիտնականի նոր գիրքը՝ «Իսրայէլի ձախողած պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան. ժխտում, պետական խաբէութիւն, ճշմարտութիւնը ընդդէմ պատմութեան քաղաքականացման» խորագրով, ուր գիտնականը կը պատմէ, թէ ինչպէս Թուրքիան շարունակաբար ճնշում կը գործադրէ Իսրայէլի նկատմամբ, որպէսզի այդ երկիրը չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Որպէս ճնշման ռազմավարութիւն կը կիրառուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումէն հրաժարիլը, ցեղասպանութեան թեմաներով համաժողովներուն հայերու մասնակցութիւնը արգիլելը եւ չեղեալ համարել այն համաժողովները, ուր ներկայ են հայերը:

The Jerusalem Post—ը, անդրադառնալով Չարնիի գիրքին, նշած է, որ հեղինակը արձանագրած է, որ Թուրքիան միշտ առարկած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան քննարկման, իսկ այդ երկիրը տեղի տուած է թրքական կողմի պահանջներուն: Աւելին, երկար ժամանակ կար կարծիք այն մասին, որ Անգարան նոյնիսկ սկսած էր սպառնալ Թուրքիա բնակող հրեաներուն, եթէ իր այս պահանջները չբաւարարուէին: Բացի այդ, գրքին մէջ նշուած է, որ Թուրքիան յայտարարած է, թէ կը փակէ ճանապարհը Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն եկող փախստականներու համար: Համաձայն Չարնիի հեղինակած աշխատութեան՝ ասոնք այն սուտերը եղած են, որոնց պատճառով Իսրայէլը կատարած է Թուրքիոյ պահանջները:

Հրեայ հեղինակի գիրքը ոչ միայն կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Իսրայէլի ցուցաբերած վարքագիծին, այլեւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստի վրայ, որ հրէական պետութիւնը պէտք է ճանչնայ բոլոր ցեղասպանութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment