Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԳՆ-ը Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագէտներու Այցի Կազմակերպումը Շուշի

Արցախի ԱԳՆ-ը Դատապարտած Է Ատրպէյճանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագէտներու Այցի Կազմակերպումը Շուշի

by MassisPost

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Յուլիս 10-ին Ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատակիցներու այցի կազմակերպումը Շուշի։

«Ափսոսանք է առաջացնում այն փաստը, որ Ատրպէյճանում հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտները ենթարկուել են Ատրպէյճանի ձեռնավարական գործողութիւններին, որոնք ոչ միայն միտուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը թոյլ չտալուն, այլ նաեւ խարխլում են միջազգային յարաբերութիւնների կարգերը՝ հիմքեր ստեղծելով ապօրինի գործողութիւնների արդիւնքներն ընդունելի նորմա ճանաչելու համար», – ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը շեշտած է, թէ ուժի սպառնալիքով կամ կիրառմամբ ձեռք բերուած ոչ մէկ տարածքային նուաճում պէտք է ճանաչուի օրինական:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment