Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայր Աթոռը Ողջունած Է Փաշինեանի Կողմէ Հոգեւոր Առաջնորդներուն Ուղղուած Երկխօսութեան Առաջարկը

Մայր Աթոռը Ողջունած Է Փաշինեանի Կողմէ Հոգեւոր Առաջնորդներուն Ուղղուած Երկխօսութեան Առաջարկը

by MassisPost

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դրական գնահատած է երէկ՝ Յունիս 21-ի հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած անդրադարձը համերաշխութեան, միաբանութեան, համազգային ողջ ներուժի համախմբման կարեւորութեան, հայրենիքի անվտանգ, բարօր ու առաջընթաց կեանքի հաստատման գործով, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական դաշտի հայհոյախօսութեան եւ ատելութեան խօսքին վերջ տալու անհրաժեշտութեան։ Այդ մասին ըսուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այսօրուայ յայտարարութեամբ։

Մայր Աթոռը ողջունած է նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարի կողմէ հոգեւոր առաջնորդներուն ուղղուած երկխօսութեան առաջարկը։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մշտապէս հանդէս է եկել այս դիրքերից եւ ակնկալում է, որ նոր ձեւաւորուող իշխանութիւնը գործնական եւ հետեւողական քայլեր կը ձեռնարկի Եկեղեցու հետ գործակցութեան իրենց իսկ առաջարկն իրականացնելու, ինչպէս եւ հանրային համերաշխութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Հոգեւոր դասը՝ գիտակից իր հոգեւոր առաքելութեանը եւ դրա կարեւորութեանը յատկապէս նման ճգնաժամային իրավիճակներում, պիտի շարունակի անել ամէն անհրաժեշտը, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարող լինի յաղթահարելու իր կեանքի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի հայրենիքի անկախացեալ այս փոքրիկ նշխարն ուժ գտնի իր մէջ վերականգնելու իր անվտանգութիւնն ու ամրութիւնը՝ շարունակելու ուղին դէպի նոր հարիւրամեակներ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment