Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեան Կողմ Է Մանտաթները Վերցնելուն

Ռոպերթ Քոչարեան Կողմ Է Մանտաթները Վերցնելուն

by MassisPost

«Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու՝ Ռոպերթ Քոչարեան նշած է, որ առայժմ վերջնական որոշում չկայ մանտաթները վերցնելու վերաբերեալ։ Ինչ կը վերաբերի իր անձնական կարծիքին, Ռոպերթ Քոչարեան կը համարէ, որ այդ մանտաթներով պայքարը շարունակելու լուրջ հնարաւորութիւն ստացած են։ Անոր խօսքով, խորհրդարանական պայքարը պիտի ուժեղացնէ փողոցային պայքարը։

Պատասխանելով հարցին՝ արդեօք պարտուած են, Քոչարեան խորհրդարանական ընտրութիւնները համեմատած է նախագահական ընտրութիւններուն հետ, ուր անոր խօսքով, մրցանակը մէկն է, իսկ խորհրդարանի պարագային բոլոր ուժերը, որոնք կ’անցնին խորհրդարան, չեն պարտուիր։

Ռոպերթ Քոչարեանի կարծիքով, եթէ իշխող ուժը շարունակէ աշխատիլ նոյն ոճով, եւս մէկ արտահերթ ընտրութիւններ հնարաւոր են։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment